Մարտ-Ապրիլ 2015-ին. Օզպիլիս Ամբողջութեամբ Ապաքինած Կ՛ըլլայ

1013_ozbilisՍպարտակ Մոսկուայի բժշկական խումբի պատասխանատու Միհայիլ Վարդապետով «Սփորթ Էքսփրես»-ին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիսի վերականգնողական ընթացքին մասին:

Մէջբերելով անոր խօսքերը` ArmSport.am կը յայտնէ. «Վերականգնողական ընթացքը ներկայիս բաւական լաւ ձեւով կ՛ընթանայ: Առայժմ բարդութիւններ չկան: Սակայն, անոր ճամբան քիչ մը երկար է` ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու համար: Կը նախատեսենք, որ ան ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլայ յառաջիկայ տարի` 2015-ի մարտ-ապրիլին»:

Share this Article
CATEGORIES