«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական` Սոչիի Մէջ. «Մերսետես» Ապահովեց Տիտղոսը

Լուիս Հեմիլթըն

Լուիս Հեմիլթըն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ կրան փրին (Սոչիի մէջ), որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Ախոյեանութեան աւարտէն երեք կրան փրի առաջ, «Մերսետես» ապահովեց խմբային դասաւորման տիտղոսը` նկատի ունենալով, որ անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն յաջորդաբար չորրորդ անգամ ըլլալով (եւ տարեշրջանին 9-րդը հանդիսացաւ առաջին: Անոր խմբակից Նիքօ Ռոզպըրկ առաջին իսկ լեփին արկած մը ունեցաւ:

2008-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Հեմիլթըն այսպիսով հանդիսացաւ չորրորդ վարորդը` «Ֆորմիւլա-1-ի պատմութեան մէջ, որ 9 մրցումի տիտղոսի կը տիրանայ տարեշրջանի մը ընթացքին: Ատկէ բացի, ան հաւասարեցաւ Նայճըլ Մենսըլի հաստատած անգլիական մրցանիշին, որ 31 յաղթանակներու կը տիրանայ:

Նշենք, որ այս տարեշրջանին, Հեմիլթըն 9 անգամ հանդիսացած է առաջին, 2 անգամ` երկրորդ, 2 անգամ` երրորդ, մինչ 3 կրան փրիի ոչ մէկ կէտ կրցած է ապահովել:

Ստորեւ կու տանք վարորդներուն ընդհանուր դասաւորումը Սոչիի կրան փրիէն ետք.

ԿԷՏ
1.- Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես) 291
2.- Նիքօ Ռոզպըրկ («Մերսետես») 274
3.- Տանիել Ռիքիարտօ («Ռետ-Պուլ») 199
4.- Վալթերի Պոթթաս («Ուիլիըմզ») 145
5.- Սեպասթիան Վեթել («Ռետ-Պուլ») 143

Խումբերու դասաւորում.

ԿԷՏ
1.- «Մերսետես» 565
2.- «Ռետ-Պուլ» 342
3.- «Ուիլիըմզ» 216
4.- «Ֆեռարի» 188
5.- «Մաքլարըն» 143
Share this Article
CATEGORIES