Մուրինիօ. «Ռոնալտոյի Եւ Զիտանի Նման Ֆութպոլիստներ Այլեւս Չենք Տեսներ»
Չելսիի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ գովասանքի խօսքեր ըսաւ Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մասին:
«Քրիսթիանօ Ռոնալտօ սանչելի ֆութպոլիստ մըն է, որ իրեն ներկայացած առիթը կրնայ կոլի վերածել: Ան Զինետին Զիտանի նման է: Կը կարծեմ, որ այսուհետեւ այսպիսի ֆութպոլիստներ չենք տեսներ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Արսէն Վենկերի հետ տեղի ունեցած միջադէպին, այդ դէպքը բոլորն ալ տեսան, եւ ես ոչինչ պիտի յայտարարեմ», ըսաւ Մուրինիօ:
CATEGORIES Մարզական

