Եւրոպայի 2015-ի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Իր Յոյսերը Կորսնցուց Յաջորդ Հանգրուան Հասնելու
Սերպիա, որ կը հիւրընկալէ Եւրոպայի 2015-ի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, Թ. խմբակին մրցումներուն նախորդ շաբաթավերջին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի` շնորհիւ Նեմանիա Ռատոնիչի նշանակած կոլին:
Սարգիս Յովսէփեանի կազմին համար այս երկրորդ պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հայրենի կազմը վերջնականապէս իր յոյսերը կորսնցնէ յաջորդ հանգրուան հասնելու` նկատի ունենալով, որ Հայաստան երկու մրցումէ ոչ մէկ կէտ ապահոված է` Սան Մարինոյի նման: Վերջինս պիտի ըլլայ Հայաստանի վերջին մրցակիցը:
Նշենք, որ Սերպիա եւ Իտալիա, որոնք ունին 6-ական կէտ, կը մրցին իրարու դէմ:
CATEGORIES Մարզական

