Այսօր` Հայաստան – Ֆրանսա

Հայաստանի երէկուան փորձերէն
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը հիւրընկալէ Ֆրանսան:
Երէկ հայրենի կազմը իր վերջին փորձերը կատարեց հանրապետական մարզադաշտին վրայ` պատրաստուելու համար այս մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մրցումէն առաջ կատարուեցան տարբեր տեսակի յայտարարութիւններ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ Էրիք Ասատուրեան ըսաւ, որ Ֆրանսա պիտի յաղթէ 4-0 արդիւնքով:
Դժբախտաբար ան ըսաւ, որ ինքզինք ո՛չ հայ եւ ո՛չ ալ ֆրանսահայ կը նկատէ եւ նոյնիսկ մէկ բառ հայերէն չի գիտեր:
Նշենք, որ մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի Ապու Տապի-3 պատկերասփիւռի կայանէն եւ շատ հաւանաբար «Թէ. Էֆ.1»-էն:
CATEGORIES Մարզական

