Պասքեթպոլ. Աղջկանց Արաբական Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարտուեցաւ Ալճերիական Փեթրոլիէն (67-65)

Երէկուան մրցումէն
Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը Մուժամաա Փեթրոլիէն (Ալճերիա)` 67-65 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները բաւական սուր պայքար մղելով յաջողեցան 15 կէտի տարբերութիւնը նուազեցնել, սակայն չկրցան յաղթել իրենց մրցակիցին:
Նշենք, որ 3-րդ քորթըրին ալճերիական խումբը 13 կէտի առաւելութիւն մը ունէր ՀՄԸՄ-ի վրայ:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Օրթոտոքսի կը մրցի Սըմուհայի դէմ (ժամը 17:00-ին), իսկ Ռիատի` Սփորթինկի դէմ (ժամը 19:00-ին):
CATEGORIES Մարզական

