Հեծելարշաւ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Էլիաս Ապու Ռաշիտ Հանդիսացաւ Ախոյեան

1013_cyclingԿազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի բաժակի ճամբու մրցաշարքը` մասնակցութեամբ լիբանանեան միութիւններու հեծելանւորդներուն:

Այս մրցաշարքին ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն, ապա հեծելանւորդները ուղղուելով Շեքքա, որմէ ետք Ժիպէյլ, բարձրացան Աննայա, որ եղաւ ժամանման վայրը:

Աթլեթիքօ Պէյրութի մաս կազմող Էլիաս Ապու Ռաշիտ, որ ժամացոյցի դէմ ճամբու մրցումի եւ 2014-ի լեռնային մրցումի ախոյեան է, դարձեալ հանդիսացաւ առաջին 82,50 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցումին` արձանագրելով 2 ժամ 39′ 30″ արդիւնք մը:

Ան 6′ 36″ արդիւնքով գերազանցեց 2-րդ հանդիսացած Ապտալլա Աարը (Շեպիպեթ Սալաաթա), իսկ 8′ 31″ արդիւնքով 3-րդ դիրքը գրաւած Զահեր Հաժը (Աթլեթիքօ Պէյրութ):

Ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս մրցումը աւելի քան եօթը վայրկեանով ընդհատուեցաւ, երբ արկած մը տեղի ունեցաւ Կարօ Քելեշեանի (ՀՄԸՄ Թրիփոլի) եւ Եուսեֆ Նատերի (ՀՄԸՄ Պէյրութ) միջեւ:

Լիբանանեան Կարմիր խաչին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, վիրաւոր մարզիկները փոխադրուեցան մօտակայ հիւանդանոցները:

Ստորեւ` մրցումին թեքնիք արդիւնքները.

1.- Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 2 ժամ 39′ 30″

2.- Ապտալլա Աար (Շեպիպեթ Սալաաթա) 2 ժամ 46′ 07″

3.- Զահեր Հաժ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 2 ժամ 48′ 01″

4.- Քամալ Շաապան (Շեպիպեթ Սալաաթա) 2 ժամ 52′ 46″

5.- Ռեմոն Հոպէյքա (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 2 ժամ 59′ 12″

6.- Եուսեֆ Նատեր (ՀՄԸՄ Պէյրութ) 3 ժամ 02′ 19″

Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած ժամացոյցի դէմ մրցում մը` Նահր Մոթէն Պաապտեթ, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, մասնակցութեամբ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած միութիւններու մարզիկներուն, ապա տեղի պիտի ունենայ փրոթոքոլային տօնախմբութիւն` Պրումմանայի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES