Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Դրամատնային ձեր հարցերը դասաւորելու օրն է, առանց ժամանակ կորսնցնելու կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամ մը ձեզի պիտի դիմէ կարիքաւորի մը օգնելու, պիտի ընդառաջէք առանց մանրամասնութիւններուն մասին իմանալու: Ձեր պատրաստակամութիւնը պիտի գնահատուի, որովհետեւ տուիք սիրով: Ձեր վերաբերումը պիտի արժեւորուի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մշակութային ձեր գործունէութիւնը պիտի գնահատուի: Ունիք յատուկ առաքելութիւն մը հաշտարար դեր մը կատարելու, ինչ որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կապ պահեցէք հեռաւոր երկիր ապրող ձեր հարազատներով եւ բարեկամներով: Անոնք կը հետաքրքրուին ձեզմով, պատասխանեցէք առանց ծուլանալու` արտայայտելով ձեր անկեղծութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ: Այսօր պիտի ծանօթանաք նոր հեղինակի մը գիրքին, որ շատ պիտի հետաքրքրէ ձեզ: Լաւ գիրքերը լաւ բարեկամներ են:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գիտութիւնը ունի բազմաթիւ նորութիւններ, բայց մի կարծէք, թէ բոլորն ալ պիտանի են եւ օգտակար: Լաւապէս ուշադրութիւն ըրէք խաբող պատկերներու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործի ճամբուն վրայ այսօր պիտի հանդիպիք անձի մը, որ ձեզի պիտի առաջարկէ նոր աշխատանք մը: Համակերպեցէք առանց այլեւայլի:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տան դուռը բաց պիտի մնայ այսօր հիւրերուն դիմաց: Պատրաստեցէք յարմար յայտագիր մը, բացի ճաշի սպասարկութենէ, նաեւ մշակութային խաղեր ըրէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ նոր դէմքերու հանդիպիք ձեր այցելութիւններուն ընթացքին, եղէք սիրալիր, նոյնիսկ եթէ անծանօթներ ըլլան անոնք: Ձեր վարկը կը բարձրանայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երազային վիճակի մը մէջ էք, կը սիրէք բնութիւնը եւ բարեկամութիւնը: Ձեր փափաքը պիտի իրականանայ այսօր, քանի որ պիտի ծանօթանաք ձեր ճաշակին եւ խառնուածքին յարմար անձերու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակառակ սեռի մը հետ հանդիպում մը պիտի ունենաք: Նորութիւն պիտի իմանաք այդ անձէն, բայց եթէ համամիտ չըլլաք, քաղաքավարութեամբ պատասխանեցէք, որպէսզի բարեկամութիւնը յարատեւէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կը սիրէք ծովը, բայց եթէ ժամանակը անյարմար ըլլայ, ձեր պտոյտը փոխարինեցէք լեռնային վայր մը այցելելով, ուր կրնաք հանդիպիլ ձեր ճաշակին յարմար արուեստի գործերու: Ուրախ մնացէք եւ խաղաղ:

Share this Article
CATEGORIES