50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1964)
Աճող Ճարտարարուեստը
Լիբանանի Մէջ
Օրը օրին բարգաւաճող Լիբանանը, որ մանաւանդ սա վերջին տարիներուն եղած է իւրաքանչիւր լիբանանցիի գուրգուրանքի հայրենիքը, իր լայն թափով շինարարական գործերու կողքին, գրեթէ նոյն հաւասարութեամբ կ՛ընթանայ նաեւ երկրին ճարտարարուեստը: Ներկայիս ունինք երկու սիմենթի հսկայ գործարաններ, էթերնիթի, ատաղձի, գուլպայի, շաքարի, տուրմի, կրկնեփի ու տակաւին բազմաթիւ ծանր եւ թեթեւ ճարտարարուեստի տուներ, որոնք կը գործեն տիւ ու գիշեր, եւ ո՛չ միայն կը պարէնաւորեն մեր երկիրը, այլեւ կ՛արտածեն արաբական ամբողջ աշխարհին, երբ շուկայ գտնեն:
Ինքն իր միջոցներով ինքնազարգացման յաջող այս ելոյթը Լիբանանի պէս փոքրիկ երկրի մը մէջ, իր մեծ նշանակութիւնը ունի: Մէկդի ձգելով անհատական տնտեսական շահերու գերակշռութիւնը, կայ անկէ աւելի բարձր բան մը` հայրենիքի պատիւն ու պարծանքը: Բարոյական մրցակցութեան մը արդիւնքը, որ իւրաքանչիւր լիբանանցիի սրտին կը խօսի այսօր, աւելի քան երբեք:
Բացառիկ երեւոյթ մը եղաւ «Մէֆիքօ» դեղագործարանի մը բացման ընդունելութիւն-հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 17 սեպտեմբեր 1964-ի երեկոյեան ժամը 5:00-9:00-ին, Ալէյի ճամբուն վրայ, Ժամհուրի մէջ, հարիւրաւոր հրաւիրեալ ընտրանի հիւրերու ներկայութեան: Բացի մեր երեսփոխաններէն, տեղացի բժիշկներէն եւ դեղագործներէն, նշմարելի էին յատկապէս, զանազան երկիրներէ դեսպաններ, արաբական երկիրներու պետութիւններէ ներկայացուցիչներ, Թունուզէն եւ Մարոքէն պետական անձնաւորութիւններ, եւ Եւրոպայէն` դեղագործարաններէ ներկայացուցիչներ, որոնք կատարեցին համաձայնութիւններ, կարեւոր քանակութեամբ դեղեր գնելով:
Մօտ երեք հազար քառակուսի մեթրի վրայ կառուցուած երկյարկանի հսկայական այս շէնքին մէջ կ՛արտադրուին ցարդ երկու հարիւր տեսակի դեղեր, քսան խոշոր սրահներու մէջ զետեղուած ամենաարդիական եւ բազմածախս մեքենաներով: Դեղերու անմրցելի արագութեան արտադրութիւնն ու որակը կը գնահատուէին մասնագէտ դիտողներու կողմէ, որոնց վրայ կը հսկէին հաստատութեան լիբանանցի վեց քիմիագէտ մասնագէտներ: Գործարանին արտաքին ճաշակն ու ներքին դասաւորումը ուշագրաւ էր բոլորին կողմէ եւ հիացմունքի առարկան:
Շատ չէ, ութ տարուան հիմնարկութիւն մըն է այս, որ սկսած զերոյէն, քանի մը դեղագործներու բաժնեթուղթերու գնով, նուաճելով տնտեսական դժուարին պայմաններ, կամքի ուժով յաջողած են հասնիլ տեղ մը սեփական ճիգերով, առանց ակնկալելու որեւէ աջակցութիւն:
Մենք, միւս ճարտարարուեստներէն դուրս, ա՛լ աւելի ծանրացանք «Մեֆիքօ» հաստատութեան վրայ, որովհետեւ իր անակնկալ յաջողութիւնը այս պայմաններու տակ, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց, երկրին անմիջական պահանջին սատարած ըլլալուն համար:
Կ՛արժէ, որ մեր պետութիւնը ալ աւելի մօտէն հետաքրքրուի այսպիսի օգտաշատ ձեռնարկներով, գնահատէ զանոնք բարոյապէս եւ տնտեսապէս, եթէ կարելի է նո՛յնիսկ վերցնէ մաքսը անոնց վրայէն, որպէսզի կարենան անոնք նուազագոյն գիներով դեղ հայթայթել երկրին եւ արտածեն արտաքին աշխարհին, փոխանակ ներածելու:
Յ. ՔԷՉԷՃԵԱՆ
Տոմսեր
Չորս Հազար Անգամ…
Մեր աշխատակից ընկ. Բ. Թաշեան երկու յաջորդական յօդուածներով, արդարօրէն կը յուզէր` Ազգային սահմանադրութեան վերաքննութեան հարցը` յիշելով քանի մը օրինակներ, որոնք այնքան հինցած են այդ օրինագիրքին մէջ, եւ պատրաստ են իյնալու, նշդրակի թեթեւ հարուածով մը: Սահմանադրութեան ոգին չէ, որ պիտի փոխուի – կը շեշտէր մեր ներհուն աշխատակիցը- որովհետեւ այդ ոգին պատշաճ է մեր դարուն, մեր օրուան ձգտումներուն եւս:
Հարկ է փոխել սակայն ձեւը, որ կարգ մը պարագաներու, այլեւս չի պատշաճիր մեր ապրած ժամանակներու պահանջներուն:
Արդարեւ, ո՜վ կրնայ պնդել, թէ փոխուած չեն մեր պայմանները 1862-էն ի վեր, նաեւ մեր կեանքի պահանջները…
Օրինական դրութիւն մը, արդիւնաւոր գործունէութեան համար, անհրաժեշտ է, որ պատշաճի ենթականերու կեանքի պայմաններուն եւս:
***
Զուգադիպութեամբ մը, այս շաբաթը Ամերիկեան սահմանադրութեան նուիրուած է: Սեպտեմբեր 17, 1787-ին հանդիսաւորապէս ընդունուած` այս երկրին Սահմանադրութիւնը 177 տարեկան է այսօր, եւ, այդ ժամանակէն ի վեր… 33 անգամ փոփոխութեանց ենթարկուած է, մէջը հաշուելով համբաւաւոր տասը յաւելումները Պիլ ավ Ռայթս: Իսկ` չորս հազար անգամ փորձեր կատարուած են, նոր փոփոխութիւններ մտցնելու համար…
Չորս հազարէն միայն երեսուներեք ձեռնարկներ յաջողած են, մեզի աւանդելով այն Սահմանադրութիւնը, որ Վուտրօ Ուիլսընի նման դէմքերու հիացման արժանացած է:
… Մեր հիացումը եւս նուազ չէ (թէեւ ոչ… Ուիլսընեան անշուշտ) մեր Ազգ. սահմանադրութեան հանդէպ, սակայն, տեսնենք քանի՞ փորձեր պիտի կատարուին, վերաքննութեան յաջողութեան համար:
Մենք ցոյց տուինք ամերիկեան մրցանիշը միայն-չորս հազար անգամ, ու երեսուներեք յաջողութիւններով…
ԳԻՍԱՒՈՐ

