«ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՂԱՍՍԱՆ ՂՈՍԸՆ
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն երէկ այցելեց պետական նախարար Ալի Քանսոյի, որուն հետ քննարկեց աշխատաւորներու պահանջներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը կառավարութենէն պիտի պահանջէ անսալ աշխատաւորներուն ներկայացուցած պահանջներուն, որոնց շարքին են աշխատավարձի յաւելումը, վառելանիւթի յստակ սակ մը ճշդելու կարեւորութիւնը, տուրքերու դրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու կարելիութիւնը, որպէսզի անոնք քաղաքացիին համար աւելի արդար ըլլան եւ կարելի ըլլայ ապահովել ընկերային պայմաններու կայունութիւնը, որ հիմքն է երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան:
Իր կարգին, Քանսօ շեշտեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը կը զօրակցի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեցուածքներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան