ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՍԼԱՆԸ ԵՒ ԽԷՅՐԷՏՏԻՆԸ

Պըրրի` Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը,  նոր նշանակուած նախարար Մարուան Խէյրէտտինը եւ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատելը:

Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանի նախագահին` Մարուան Խէյրէտտինը պետական նախարար նշանակելու իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Արսլան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ ձեւով հակադրուած է կառավարութեան քաղաքական ուղեգիծին` աւելցնելով, որ ինք կը պաշտպանէ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը:

Միւս կողմէ, սակայն, Արսլան աւելցուց, որ կարգ մը ուժային նախարարութիւններու պարագային համայնքային դիմագիծի ճշդումը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ցեղային խտրութիւն կը նկատուի եւ այդ մօտեցումը երբեք ընդունելի չէ:

Ան ընդգծեց, որ տիւրզի համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը իրեն համար երբեք ընդունելի չէ եւ ոչ ալ կրնայ ըլլալ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ, որ դրուատեց կառավարութեան աշխատանքը եւ անոր աշխուժ սկիզբը:

Ֆարհաթ նշեց, որ այս հանգրուանը մարտահրաւէրներով լեցուն հանգրուան մըն է, որուն ընթացքին կառավարութիւնն ու խորհրդարանը միասնակամ պէտք է գործեն` պաշտպանելու համար Լիբանանի շահերն ու իրաւունքները:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը եւ Քանատայի առաջնորդ Իպրահիմ Իպրահիմ եպիսկոպոսը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի: Քննարկուեցան նախարարութեան աշխատանքները եւ նախարարին մշակած նոր ծրագիրները:

Share this Article
CATEGORIES