ԱՊԱՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՀԱՍԱՆԻ ԵՒ ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏԻ

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն յանձնեց Պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան նուիրուած Ե. խորհրդաժողովին մասնակցութեան հրաւէր մը, որ ուղղուած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Ապատի պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի իրադարձութիւնները:

Ապատի շնորհաւորեց լիբանանցիները` կառավարութեան կազմութեան առիթով, եւ մաղթեց, որ Իրան օժանդակէ Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու, յատկապէս այն ծրագիրները, որոնք լիբանանցիներուն շահեր կ՛ապահովեն:

Ապատի ընդգծեց, որ Թեհրան պատրաստ է Լիբանանին օժանդակելու զինուորական եւ ապահովական մարզերուն, ինչպէս նաեւ քարիւղի հանքերու պեղման աշխատանքին մէջ:

 

ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏԻ ՄՕՏ

Ապատի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Ապատի նոյն առիթով հրաւէր մը յանձնեց նաեւ զօր. Լահուտին:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրները նահանջի մէջ են:

 

Share this Article
CATEGORIES