«ԱՐԴԵՕՔ ՊԵԼՄԱՐ ԿՐՆԱ՞Յ ՏԱՊԱԼԵԼ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՅԱՂԹԱԾ Է ՇՐՋԱՆԻ ՀԶՕՐԱԳՈՅՆ ԶԷՆՔԻ ՈՒԺԻՆ» ՀԱՐՑ ՏՈՒԱՒ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Դիմադրութեան նահատակներու զաւակներուն աւարտական հանդէսին առիթով երէկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլա Միջազգային դատական ատեանին նախնական ամբաստանութիւնը կը դիմագրաւէ հանդարտութեամբ` ընդգծելով, որ Դիմադրութիւնը Միջազգային ատեանի դաւադրութենէն շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ հարց տուաւ, որ արդեօք Պելմար կրնա՞յ տապալել Դիմադրութիւն մը, որ յաղթած է շրջանի հզօրագոյն զէնքի ուժին:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի որեւէ երկխօսութեան, որուն շուրջ լիբանանցիները կը համախմբուին:

 

Share this Article
CATEGORIES