Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Կը Հովանաւորէ
«
Ռոպոթներն Առօրեայում» Փառատօնը

2014-DSC_1861_1151403223-5 հոկտեմբերին «Դիճի Թեք» 2014 միջազգային արհեստագիտութեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Ռոպոթներն առօրեայում» փառատօնը, որուն մասնակցած են դպրոցներուն մէջ ստեղծուած ճարտարագէտներու խմբակներու սաներ: «Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան» (ԻՏՁՄ) նախաձեռնութեամբ 2012-էն սկսեալ դպրոցներուն մէջ բացուած են մարդամեքենաներու շինութեան խմբակներ, որոնց տրամադրուած են յատուկ այդ նպատակով նախագծուած մարդամեքենայի կառուցանողներ:

Մարդամեքենայի կառուցանողներու ստեղծման եւ, ընդհանրապէս, Հայաստանի մէջ մարդամեքենաներու արհեստագիտութեան զարգացման եւ աջակցման ծրագիրի կեանքի կոչման նպատակով` Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յատկացուցած է աւելի քան 73 միլիոն դրամ:

Նման խմբակներ արդէն կը գործեն 60 դպրոցներու մէջ` 50-ը մարզերուն, անոնց ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են փառատօնին:

«Ռոպոթներն առօրեայում» փառատօնը իր երիտասարդ այցելուներուն կ՛օգնէ մասնագիտական կողմնորոշման հարցին մէջ: Ինչպէս այս փառատօնը, մարդամեքենայի շինութեան բազմաթիւ այլ մրցոյթներ եւս կեանքի կոչուած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ:

«Ռոպոթաշինութիւնը մեր երկրի մրցունակութեան ամրապնդման հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է: Հայաստանը ունի մտաւոր հսկայական ներուժ, զոր անհրաժեշտ է օգտագործել երկրի հեռանկարային զարգացման գործին մէջ: Այս փառատօնը ռոպոթաշինութեամբ հետաքրքրուածներուն մօտ կը խթանենք բացայայտելու եւ նորը ստեղծելու ձգտումը», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Այս փառատօնի իրականացման նպատակով «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը յատկացուցած է 25 միլիոն դրամ:

Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու
Միջազգային Ընկերակցութեան Համաժողով

1EC_HUMY-620x300Աւելի քան 20 երկիրներէ շուրջ 400 հայագէտներ միաւորող Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան (ՀՈՒՄԸ) եռօրեայ համաժողովը սկսաւ 9 հոկտեմբերին:

Ընկերակցութեան քարտուղար, Օքսֆըրտ համալսարանի փրոֆեսէօր Թէօ Վան Լինթ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ առաջին անգամ Հայաստան եկած է 25 տարի առաջ` ժամանակակից հայերէնը սորվելու, իսկ յետոյ արդէն ամբողջ կեանքը նուիրած է հայագիտութեան:

«Մենք, ինչպէս միշտ, շատ նիւթ ունինք քննարկելիք: Հայագիտութիւնը կը զարգանայ: Երիտասարդներ կան, ինչ որ շատ կարեւոր է: Չեմ կարծեր, թէ հետաքրքրութեան պակաս պիտի ըլլայ», յայտնեց ան:

Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանն ու ՀՈՒՄԸ-ի ներկայի նախագահ Վալենթինա Քալցոլարին «Ազատութեան» հետ խօսելով` շեշտեցին, որ այս ընկերակցութեան ներկայ` 13-րդ համաժողովը, իսկապէս պատմական է, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ:

Անուանի հայագէտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան «Ազատութեան» հետ զրուցելով նշեց, որ այս համաժողովին ընթացքին շատ աշխուժ կերպով կ՛աշխատին յատկապէս պատմութեան, գրականութեան եւ արուեստի բաժանմունքները: Ան ուրախալի նկատեց այն, որ մասնակիցներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն արտասահմանցի հայագէտները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի հայագիտութիւնը զարգանայ` Յովհաննէսեան արձագանգեց. «Մեր հաստատութիւնները, արտասահմանի եւ Հայաստանի մէջ, յատկապէս իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ հայագիտութիւնը կարելի չէ երեսի վրայ ձգել® Ատիկա մեծ կորուստ է. եթէ մենք մէկ սերունդ կորսնցնենք, կը նշանակէ, որ տարիներ պէտք է աշխատինք, որ ետ բերենք: Մենք գիտենք, որ յետխորհրդային տարիներուն այստեղ բաւական նահանջ եղաւ: Ուրախ եմ ըսելու, որ այս գիտաժողովին ընթացքին յոյսեր ներշնչուեցան,  քանի որ տեսայ քանի-քանի երիտասարդ Հայաստանի գիտնականներ, որոնք լրջօրէն իրենց նիւթը կը ներկայացնեն` իմանալով արաբերէն, թրքերէն, ռուսերէն, զանազան լեզուներ® Բայց առանց նիւթական օժանդակութեան թէ՛ արտասահմանի մէջ, եւ թէ՛ այստեղ սահմանափակ պիտի ըլլայ այդ զարգացումը»:

Հայ Կանանց Միջազգային Ընկերակցութեան
7-
րդ Համաժողով

Հոկտեմբեր 10-ին` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի աջակցութեամբ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 7-րդ համաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար, Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահ Հրանուշ Յակոբեանը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Այս համաժողովը գումարուել է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին եւ Էրեբունի-Երեւանի 2796-րդ տարեդարձի օրերին: Յիրաւի հայ կինը մեր օճախների պահապան հրեշտակն է: Ի զուր չէ, որ Մովսէս Խորենացին հայ կնոջը համեմատում է Անահիտ աստուածուհու հետ: Մեծ է եղել հայ կնոջ դերը հայ ժողովրդի պատմութեան բոլոր հանգրուաններում: Մեծ էր հայ կնոջ դերը նաեւ 1915թ., երբ նա ցուցաբերեց կամային մեծ յատկանիշներ: Շատ հայ կանայք չընդունեցին իսլամ եւ գաղթի ճանապարհներին զոհուեցին անապատներում: Շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգների նախագահին, որ միլիոնաւոր տոլարներ յատկացրեց հայ մանուկների համար: Ցեղասպանութեան արդիւնքը դարձաւ սփիւռքը, որի ուծացումը մեծագոյն վտանգներից մէկն է: Համաշխարհայնացման վտանգներն առաւել շատ են սպառնում փոքր ազգերին ու ժողովուրդներին: Ուստի մեր գլխաւոր խնդիրը սփիւռքում մայրենիի, մեր ոգու, ազգային մշակոյթի ու աւանդոյթների պահպանութիւնն է: Հայ կանայք պէտք է պահպանեն հայկական անուն-ազգանունները, հայի տեսակը եւ շատ զաւակներ ունենան»:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Արմինէ Գէորգեան ներկայացուց համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը. «Մեր ողջ պատմութեան ընթացքում հէնց հայ կինն է պատուով կրել հայապահպանութեան ազնիւ ու վեհ գործի պատասխանատուութիւնը` դաստիարակելով խելացի, բարեկիրթ, մրցունակ սերունդներ: Լինելով հայկական ինքնագիտակցութիւնը սերնդէ սերունդ փոխանցողը` դուք էք պաշտպանում ձեր օճախը օտարացումից եւ ուծացումից, ձեր համայնքներում ամուր պահում բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային արժէքները, մասնակցում համազգային նշանակութեան խնդիրների լուծմանը»:

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան:

ՀԿՄՄ համաժողովի ծրագրաւորման կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիլվա Խաչիկեան կարեւոր նկատեց հայ կիներու նման հաւաք-համաժողովներու կազմակերպումը, որովհետեւ անոնք կարելիութիւն կու տան բացայայտելու կնոջական ներուժը: Սիլվա Խաչիկեան նշեց. «Եթէ չըլլար հայ կնոջ գոյատեւելու, վերապրելու կամքը, մենք այստեղ չէինք ըլլար: Հայ կնոջ յառաջընթացը պէտք է խարսխուի գիտելիքի ու հաւատքի վրայ»: Յաջողութիւն մաղթելով համաժողովի աշխատանքներուն` Խաչիկեան նշեց, որ անկախ անկէ, թէ ուրկէ եկած են, բոլոր կիները կը համախմբէ հայ ըլլալու գաղափարը եւ հայ մշակոյթը:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայ կիներու 7-րդ համաժողովը գումարուած է Հայաստանի մէջ: Դեսպանը Հայաստանի զարգացման իմաստով կարեւոր նկատեց հայ կիներու համախմբումը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի զարգացման նպատակաուղղուած ջանքերը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հաստատութեան տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան: Ան անդրադարձաւ հայոց պատմութեան ողջ ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցող հայ կանանց:

Նայիրի Մկրտիչեան Նշանակուած Է Սփիւռքի
Նախարարութեան «Հայերն Այսօր» Կայքի Խմբագիր

1009nayiriՀայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» եռալեզու (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) ելեկտրոնային պարբերականի (hayernaysor.am) գլխաւոր խմբագիր նշանակուած է Նայիրի Մկրտիչեանը:

Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է Սուրիա, Գամիշլի: 2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը:

2003 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինը:

Նայիրի Մկրտիչեան եղած է Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» եւ Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթերու թղթակիցը Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր թերթերու մէջ: Երկու տարի եղած է «Թերթ» լրատուական կայքի արեւմտահայերէն բաժինի խմբագիր:

2012 թուականին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ ու սփիւռքի առաջին արեւմտահայերէն «Եռագոյն» լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած է նոյն կայքի խմբագիրը:

Նորանշանակ խմբագիրը 2001 թուականէն մինչեւ օրս կ՛ապրի Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի Եւ Արցախի Պատուաստումներու Ծրագիրին
Աջակցող Բարերար Րաֆֆի Արտալճեան Կը Պարգեւատրուի

1011raffi1Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան համակարգին անշահախնդիր օգնութիւն ցուցաբերելու, մեծ ներդրումներու, երկար տարիներու հայրենանուէր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»-ի կազմաւորման 20-ամեակին առիթով հիմնադիր-ղեկավար Րաֆֆի Արտալճեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան յուշամետալով:

Նախարարի տեղակալ Սերգէյ Խաչատրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Րաֆֆի Արտալճեանին` Հայաստանի առողջապահական համակարգին ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար:

Րաֆֆի Արտալճեան շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւին համար` նշեց, որ ինք, կարծես, Հայաստանի դեսպանն է աշխարհի մէջ: Ան յիշատակեց սփիւռքահայ բազմաթիւ բարերարներու անուններ, որոնք տարբեր տարիներու եղած են Հայաստանի կողքին` աջակցելով հայրենիքին ամէնէն դժուար օրերուն, նպաստելով տարբեր ոլորտներու զարգացման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան հետագայ ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուեցաւ դիմադրողականութեան եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման ազգային ծրագիրի իրականացման գործին մէջ Հայաստանի յաջողութիւններուն:

Նշենք, որ «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»-ը հիմնուած է Րաֆֆի Արտալճեանի կողմէ` ի յիշատակ 1994 թուականին օդանաւային արկածով զոհուած կնոջ եւ դստեր: Հիմնադրամը իր կազմաւորման օրէն օգնած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին` իրականացնելով ընկերային եւ հանրային առողջապահութեան բնագաւառի բարելաւման ծրագիրներ:

Մեծ Եղեռնէն Փրկուածներուն Հիմնած
Թաւշուտը Կը Նշէ Իր 90-Ամեակը

1009tavshoudՇիրակի մարզի Թաւշուտ գիւղին մէջ մեծ շուքով տօնած են գիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակը, նաեւ` Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի ընդառաջ, որպէս երախտագիտութեան նշան գիւղին մէջ բարձրացուած են դրօշակները այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Թաւշուտի նոր սերունդը լաւ գիտէ, թէ Արեւմտեան Հայաստանի ո՛ր շրջաններէն գաղթած են իրենց պապերը ու ինչ պատգամներ փոխանցած են իրենց: Ազգային երգ ու պարէն բացի, Թաւշուտի բացօթեայ բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով հնչած է նաեւ շրջանի քայլերգը: Գիւղի տօնին նուիրուած ձեռնարկով թաւշուտցիները ի լուր աշխարհին կ՛ուզեն պատմել եղեռնագործութեան տարիներուն մարդկային ճակատագիրներու դառնութեան ու նոր սերունդի հայերուն ազգային անկոտրում ոգիին, ինչպէս նաեւ միասնականութեամբ չար ուժին հակազդելու վճռականութեան մասին:

Թաւշուտի դաշնակցական գիւղապետ Սուրէն Սարգսեան նախազգուշացուց, որ պիտի գայ հատուցման պահը եւ պիտի վերատիրանան այն ամէնուն, որ մեր պապերը թողած են «մեր Էրգրում»:

«Թուրքը պիտի իմանայ, որ էստեղ ամուր բռունցքուած մարդիկ կան: Մեր երեխեքն էլ ԷՐԳՐԻ կարօտով են մեծանում: Ցանկացած պահի դուք էլ թակէք ցանկացած թաւշուտցու դուռ, էդ կարօտը դուք էլ կը զգաք, արիւն է դա եւ սերնդէ սերունդ փոխանցուելու է», յայտնեց գիւղապետը:

Ապրիլ 2015-ին Փարիզի Մէջ Պիտի Կայանայ Հայոց
Ցեղասպանութեան Նուիրուած Բացառիկ Ցուցահանդէս

1010paris-exhibitՀայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, 9 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Փարիզի քաղաքապետի գրասենեակի ներկայացուցիչ Ժան Իվ Քամիւի հետ, որ Երեւան կը գտնուի ծանօթանալու համար յաջորդ տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին միջեւ համագործակցաբար կազմակերպուելիք ցուցադրութեան ցուցանմուշներուն հետ, որոնք պիտի ներկայացուին Փարիզի քաղաքապետարանի ցուցասրահներուն մէջ:

Ժան Իվ Քամիւն եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը քննարկեցին համատեղ ցուցադրութեան կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Ժան Իվ Քամիւն նշեց, որ Փարիզի նախկին քաղաքապետ Պերթրան Տելանօէն եւ անոր յաջորդը` Աննա Իտալկոն, որոշում տուած են, որ Փարիզի քաղաքապետարանը հիւրընկալէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ու յիշողութեան նուիրուած ցուցահանդէսը, որուն բացումը պիտի կատարուի ապրիլ 2015-ին: Պիտի ներկայացուին ցուցանմուշներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք պիտի տրամադրուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ, որուն հետ սերտ համագործակցութիւն կայ:

Հայկ Դեմոյեան իր կարգին շատ կարեւոր նկատեց նման ցուցադրութեան կազմակերպումը Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը վերջին տարուան ընթացքին մեծ աշխատանք տարած է այս ցուցադրութեան նախապատրաստման ուղղութեամբ, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է բացառիկ ցուցանմուշներ տրամադրելու` ցուցադրութիւնը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

«Այս ցուցադրութիւնը բացառիկ է լինելու ե՛ւ ծաւալներով, ե՛ւ ներկայացուցչութեամբ: Այն կապուած է լինելու Հայոց ցեղասպանութեան, Ա. աշխարհամարտի, եւ, ի հարկէ, հայ-ֆրանսական յիշողութեան ու պատմութեան հետ», յայտնեց Դեմոյեան:

Փարիզի քաղաքապետի գրասենեակի ներկայացուցիչը այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցասրահ, ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստերուն:

Հետազօտութիւն. Հայաստանի Մէջ 10 Տոկոսը
Կը Հարստանայ, 30 Տոկոսը Չի Կշտանար

Հայաստանի բնակչութեան 30 տոկոսը կը շարունակէ ապրիլ աղքատութեան շեմին: Այս մասին նշուած է «Հայաստանի սննդային անվտանգութեան ասպեկտները» անուանումով հետազօտութեան մէջ, զոր պատրաստած է «Մրցունակ հասարակութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը` Օքսֆամի, Եւրամիութեան եւ Պիզնըս սըփորթ սենթըր  կազմակերպութեան աջակցութեամբ:

Նշենք, որ այս ցուցանիշը կը ներառէ ոչ թէ նուազագոյն սպառողական զամբիւղը (հագուստի, առողջական ծառայութիւններու եւ այլ ծախսերը հաշուի առնելով), այլ ընդամէնը նուազագոյն անհրաժեշտ սնունդի ծախսերը: Եւ, հակառակ անոր, որ ընդհանուր առմամբ, 2012 թուականի արդիւնքներով իւրաքանչիւր բնակիչի եկամուտը (վիճակագրական տուեալներուն համաձայն` շուրջ 40 հազար դրամ ամսական) գրեթէ կրկնակի կը գերազանցէ այդ շեմը (շուրջ 20,000 դրամ), իսկութեան մէջ բնակչութեան շուրջ 30 տոկոսին եկամուտը չի բաւեր օրական 460 կրամ հացի եւ ձաւարեղէնի, 200 կրամ բանջարեղէնի, 145 կրամ գետնախնձորի, 25 կրամ շաքարաւազի, 50 կրամ միսի եւ նման համեստ չափաբաժիններով անհրաժեշտ այլ մթերքի համար, որ ներառուած է Համաշխարհային դրամատան պատրաստած «քաղցի շեմի» կանոնակարգին մէջ:

Բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսին եկամուտը 2002-2012 թուականներուն աճած է գրեթէ միանման տարողութեամբ: Սակայն պատկերը կտրուկ կը փոխուի բնակչութեան ամէնէն հարուստ 10 տոկոս կազմող խումբին մէջ: Եթէ 2002 թուականին ընտանիքին մէջ միջին եկամուտը մէկ անձի պարագային շուրջ 42-43 հազար դրամ էր, 2012 թուականի արդիւնքներով` արդէն 120 հազար դրամ (շուրջ 290 տոլար – Խմբ.): Հարստութեան առումով երկրորդ 10 տոկոսի պարագային 2012 թուականի աւարտին եկամուտը կազմած է 60 հազար դրամէն աւելի` մէկ անձի համար, երրորդ 10 տոկոսի պարագային` 46-47 հազար դրամ:

Viva-cell-logo1

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )