Թրքական Ռմբաձիգները Հարուածեցին Իրաքի Հետ Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Գտնուող ՔԱԿ-ի Դիրքերը

1014_Turkey-PKKԹրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական օդուժին պատկանող «Էֆ-16» եւ «Էֆ-4» ռմբաձիգներ հարուածած են Կորճայքի նահանգին մէջ իրաքեան սահմանին մօտ գտնուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) պատկանող դիրքեր:

Ասիկա մարտ 2013-ին ՔԱԿ-ի կողմէ միակողմանի զինադադարի յայտարարութենէն ետք իր տեսակին մէջ առաջին հարուածն է:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ երկուշաբթի ուշ գիշերին Տաղլըճա գիւղին մօտ կատարուած օդային հարուածները «մեծաթիւ կորուստներ» պատճառած են:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» եւ «Միլլիյէթ» օրաթերթերը իրենց կարգին նշեցին, որ Տերսիմի շրջանին մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թուրք զինուորներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:

Թրքական բանակը յայտնեց, որ Տաղլըճայի մօտ օդային հարուածները հակադարձութիւն են շրջանին մէջ գտնուող զինուորական դիրքի մը դէմ ՔԱԿ-ի ռմբակոծումներուն:

«Հիւրրիյէթ» հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները երեք օր ծանր գնդացիրներով եւ ականանետերով յարձակում գործած են նշեալ դիրքին վրայ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ «մենք կ՛ուղղուինք դէպի ազգային անվտանգութեան ապահովման շարք մը միջոցառումներու որդեգրում»` նշելով. «Թուրքիա Արաբունարէն փախուստ տուած 200 հազար գաղթական առանց հարցապնդումի հիւրընկալեց: Անոնք ձեզի չդիմեցին ո՜վ գրգռիչներ, այլ թրքական դրօշին հովանիին տակ մնալու դիմեցին»:

«Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ», ըսաւ Տաւութօղլու:

Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին առնուազն 31 զոհ արձանագրուեցաւ:

Թրքական բանակը կարգ մը շրջաններու մէջ կրակմարի դրութիւն հաստատեց:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES