ՏԱՀԵՇ Կը Նահանջէ Եւ Քիւրտերը Կը Վերատիրանան Շահիր Բլուրին

1014_KobaneՔրտական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ տեղի ունեցած են բուռն բախումներ, որոնց ընթացքին վերջիններս յաջողած են վերատիրանալ Արաբունարի արեւմուտքը գտնուող Շահիր բլուրին, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քաղաքին մէջ նահանջած են եւ այժմ փոխան քաղաքի 40 առ հարիւրին կը տիրեն անոր միայն 20 առ հարիւրին:

Նշենք, որ «Ֆոքս Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ գրաւած է Արաբունարի շուրջ կէսը:

Երեքշաբթի առաւօտեան բախումները մեղմացած են եւ միջազգային դաշինքի ռմբաձիգները հարուածած են Արաբունարի մէջ եւ անոր շուրջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Անոնք երէկ նաեւ հարուածած են քաղաքին հարաւը գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի շարք մը դիրքեր ու հրասայլեր:

Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի միջազգային օդակայանին մօտ իրաքեան բանակին ու ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Share this Article
CATEGORIES