Ազրպէյճանի Մէջ Անյայտ Անձեր Հրկիզած Են Երկրին Պետական Դրօշը
Ազրպէյճանական Քիւրտամիր քաղաքին մէջ` Դրօշի հրապարակին վրայ անյայտ անձեր հրկիզած են Ազրպէյճանի պետական դրօշը:
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը, կը հաղորդէ, որ դէպքը տեղի ունեցած է երկուշաբթի կէսօրին: Անյայտ անձեր կրցած են հրկիզել դրօշը, որ բարձրացուած էր ձողի վրայ:
Դրօշը ամբողջութեամբ այրած է, իսկ ձողին վրայ երեւցած են կրակին հետքերը: Դէպքի վայր ժամանած են մեծաթիւ ոստիկաններ:
CATEGORIES Միջազգային

