Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Պլիսի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի կապուած հարցեր:
ԽՈՒՄԲ մը երիտասարդներ երէկ խորհրդանշական հաւաք մը կատարեցին խորհրդարանին դիմաց. անոնք աւելներ բռնեցին` մերժելով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց ՏԱՀԵՇ-ի մտայնութեան դէմ պայքարելու համար նոր նախաձեռնութիւններ առաջադրելու:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հանդիպումը պիտի հաստատէ նոր հանգրուան մը, որուն ընթացքին վերջ պիտի տրուի նախագահական աթոռը թափուր պահելու երեւոյթին:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը կը փափաքին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, որովհետեւ գիտեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ի նպաստ փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին պիտի ըլլայ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Արսալ առեւանգուած մնայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մեծ պետութիւններու դեսպանատուները Լիբանանի կառավարութեան յայտնած են, թէ իրենք կը մերժեն Ռումիէի բանտէն ոեւէ ահաբեկիչի ազատ արձակումը` փոխանակումի հոլովոյթին շրջագիծին մէջ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բացթողումներ արձանագրած է լիբանանցի երիտասարդներուն թմրամոլութեան առումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան իշխանութիւնները շրջանային նամակներ ստացած են` վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը հզօրացնելու կարեւորութեան առումով:
«ՌԱՅ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին ներկայ պարտականութիւնը ինքնապաշտպանութիւնն է, երբ ան յարձակումի ենթարկուի:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ համագործակցութիւնը պէտք է ամրապնդել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն Լիբանանը զերծ կացուցելու բոլոր քանդիչ տագնապներէն:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Թըպպանէի հարցին լուծումը ընդգծեց բանակին հետ յարաբերութիւնները պահպանելու Թրիփոլիի յանձնառութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի համար առեւանգուած բանակայիններուն հարցին լուծումը լիբանանեան առաջնահերթութիւն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է իր զէնքը յանձնէ բանակին եւ կամ բանակին հրահանգին ենթարկուի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով Թուրքիա ոչ մէկ լուրջ միջամտութիւն պիտի կատարէ, նախքան վարչապետ Թամմամ Սալամի Անգարա այցելութիւնը:

