Ապու Ֆաուր Սկիզբը Յայտարարեց Պատուաստումի Ազգային Արշաւին

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ պատուաստումի ազգային արշաւին սկիզբը յայտարարեց` կոչ ուղղելով բոլոր լիբանանցիներուն փութալու իրենց զաւակներուն պատուաստումին:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ պատուաստումի արշաւը կ՛ընդգրկէ 1-5 տարեկան երեխաները:
Ան շեշտեց, որ պատուաստումը կարեւոր է եւ ոչ թէ հաճոյք, ճոխութիւն կամ պերճանք: Ապու Ֆաուր նշեց, որ լիբանանցի երեխաներուն պատուաստումը անհրաժեշտ է նկատի ունենալով Սուրիոյ տագնապը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ օգտագործուող պատուաստները լաւ վիճակի մէջ են, իսկ Սելին Ռաքան անունով աղջնակին մահուան դրդապատճառները տարբեր էին:
CATEGORIES Լիբանանեան

