Սլէյման. «Ապահովական Ծրագիրը Պէտք Է Գործադրել Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին»

Զօր. Սլէյման եւ Մուքպել

Զօր. Սլէյման եւ Մուքպել

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման ընդգծեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովական ծրագիրին գործադրութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին միասնականութիւնը անոր դէմ մղուած բոլոր արշաւներէն եւ անոր հասցէին կատարուած բոլոր ցեխարձակումներէն հզօր է:

Սլէյման կոչ ուղղեց բոլորին նախագահական ընտրութիւնը կատարելու:

Նշենք, որ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի եւ երեսփոխան Ֆատի Քարամ:

 

Share this Article
CATEGORIES