Համաշխարհային Դրամատունը Պիտի Օգնէ Հայաստանին
Ուաշինկթընի մէջ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան տեսակցեցաւ Համաշխարհային դրամատան գործադիր կառավարիչ Պերթրան Պատրէի եւ դրամատան փոխնախագահ Լոռա Թաքի հետ:
Վարչապետը բարձր գնահատեց Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութիւնը եւ նշեց, որ 20 տարուան գործակցութեան ընթացքին Համաշխարհային դրամատունը կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի բարեփոխումներու իրականացման հոլովոյթին մէջ, շուկայական տնտեսութեան անցնելու համար անհրաժեշտ կառոյցներու կայացումէն, կենսական ենթակառոյցներու արդիականացումէն մինչեւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման ուղղուած տնտեսական քաղաքականութեան մշակում եւ իրականացում:
«Յանձնառու մնալով բարեփոխումներու որդեգրուած օրակարգին` մենք պիտի շարունակենք երկրի մրցունակութեան բարձրացման եւ տնտեսութեան զարգացման ուղղուած ջանքերը», նշեց Աբրահամեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Համաշխարհային դրամատան հետ հետագայ համագործակցութիւնը պէտք է ընդլայնի: Մեր ծրագիրները կը շարունակեն պահպանել շրջանի ամէնէն բարձր կատարողական մակարդակը` հետեւողականօրէն զարգացնելով տնտեսութիւնը եւ նուազեցնելով աղքատութիւնը, ըսած է ան:
Պերթրան Պատրէ, կարեւոր նկատելով գործակցութեան շարունակականութիւնը, նշեց. «Հայաստան Համաշխարհային դրամատան յուսալի գործընկերն է, եւ մենք ուրախ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ»:
Լոռա Թաք, գերազանց գնահատելով այս մարզին մէջ Հայաստանի աշխատանքը, շեշտեց. «Համաշխարհային դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակութիւնը Հայաստանին եւ պիտի օգնէ յառաջ մղելու բարեփոխումները»:
Հանդիպում` Նաեւ Միջազգային Դրամական
Ֆոնտի Տնօրէնին Հետ
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան վերջին օրը տեսակցեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէն Քրիսթին Լակարտի հետ: «Մանր տնտեսական հարցերու մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի կարեւոր գործընկերը: Այս մարզին կայունութիւնը Հայաստանի անկախացումէն ի վեր երկրի կարեւորագոյն նուաճումներէն է, որուն տարիներու ընթացքին մեծապէս նպաստած է Միջազգային դրամական ֆոնտը», յայտարարեց վարչապետը:
Աբրահամեան նշեց, որ տարեսկիզբին Միջազգային դրամական ֆոնտի խորհուրդին կողմէ հաստատուած եռամեայ ծրագիրը զարգացման նոր փուլ կը նախանշէ Հայաստանի տնտեսութեան համար` վստահութիւն յայտնելով, որ ծրագիրի իրականացման շնորհիւ Հայաստան ընդհուպ կը մօտենայ զարգացող շուկաներ ունեցող երկիրներու խումբին:
«Միջազգային դրամական ֆոնտը բոլորին տունն է, եւ Հայաստան այդ ընտանիքին լիիրաւ անդամն է: Հայաստան վստահելի գործընկեր է, եւ մենք պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ պիտի օժանդակենք տնտեսութեան զարգացման ուղղուած կառուցային բարեփոխումներուն», յայտարարեց Քրիսթին Լակարտ:
Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

