Նախագահ Սարգսեան Հաստատեց Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Մէջ Հայաստանի Դատաւորի Թեկնածուներու Ցանկը

Հայաստանի երեք թեկնածուները

Հայաստանի երեք թեկնածուները

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հաստատեց Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի դատաւորի պաշտօնին համար Հայաստանի կողմէ առաջադրուող թեկնածուներու մրցումին յաղթողներու ցուցակը:

Շուրջ տասնեակ մը դիմումներէն մրցութային յանձնախումբը ընտրած էր մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանը, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արայիկ Ղազարեանը եւ ընդհանուր դատախազութեան աշխատակից Նելիկ Յարութիւնեանը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան արտաքին գործոց նախարարին յանձնարարեց այս ցանկը ուղարկել Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով, որ երեք թեկնածուներէն մէկը պիտի հաստատէ Եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանը ներկայացնող դատաւորի պաշտօնին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES