Ինցակի. «Պիտի Չհեռանամ Ա. Սէ. Միլանէն, Մինչեւ Չտիրանամ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

1014_intzagiԻտալական Ա. Սէ. Միլանի ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆիլիփօ Ինցակի նախորդ շաբաթավերջին, իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ակումբէն պիտի չհեռանամ, այնքան ատեն որ Ա. Աէ. Միլան չէ տիրացած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին: Խումբը պէտք չէ անմասն մնայ եւրոպական մրցաշարքերու տիտղոսակիր դառնալէն: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, պէտք է աւելի լաւ հանդէս գանք, քան` նախորդ տարեշրջաններուն: Կ՛ուզեմ ընել այն, ինչ որ ըրաւ իմ ուսուցիչս` Քարլօ Անչելոթթին, որ Միլանի հետ հանդիսացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի յաղթող, նախ` իբրեւ ֆութպոլիստ, ապա` իբրեւ մարզիչ»:

 

Share this Article
CATEGORIES