Թեքուանտօ. Ապի Ժաուտէ – Հարաւային Քորէայի Դեսպան Հանդիպում
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Սոֆի Ապի Ժաուտէ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպանին` Շուի Ժոնկ Իլի հետ, ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Մար Ռուքոզի մէջ:
Երկու կողմերը խօսեցան ապագայի ծրագիրներուն մասին` փորձելով այս մարզաձեւին մէջ յառաջխաղացք արձանագրել Լիբանանի մէջ եւ անոր նորութիւններուն հետ միշտ քայլ պահել:
Դեսպանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յառաջիկային տեղի ունենալիք ֆետերասիոնին կարգ մը ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն հովանաւորը ըլլալու:
Աւարտին Ապի Ժաուտէ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Քորէայի դեսպանատան, որ միշտ կը զօրակցի այս մարզաձեւին մէջ կիրարկուող ամէն տեսակի գործունէութեան:
Նշենք, որ Էլիաս Հատարի ասիական 17-րդ խաղերուն, որոնք տեղի ունեցան Հարաւային Քորէայի մէջ, թեքուանտոյի մարզաձեւին մէջ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Լիբանանին:

