Եուրօ-2016. Քովաչ. «Ազրպէյճանի Դէմ Կրնայինք Շատ Աւելի Կոլեր Նշանակել»
Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Նիքօ Քովաչ, անդրադառնալով Ազրպէյճանի դէմ 6-0 արդիւնքով իր կազմին ջախջախիչ յաղթանակին (Եուրօ-2016-ի զտում), կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Կը շնորհաւորեմ մեր մարզիկները` այս բացառիկ յաղթանակին համար, իսկ համակիրները` հիանալի մթնոլորտին համար:
«90 վայրկեան անընդհատ ճնշում բանեցուցինք մեր մրցակիցին վրայ: Ստեղծուեցան բազմաթիւ առիթներ, որոնցմէ միայն վեցը կոլի վերածուեցան: Կրնայինք Ազրպէյճանի դէմ շատ աւելի կոլեր նշանակել:
«Վերջին երկու մրցումներուն վեց կէտ ապահովելէ ետք, յաղթանակ մը եւս արձանագրելով ապահովեցինք առաւելագոյն 9 կէտը` առանց կոլ մը ստանալու մեր բերդին մէջ»:
CATEGORIES Մարզական

