«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ. Այսօր Կը Սկսի Արեւմտեան Ասիոյ 13 Տարեկանէն Վար Թենիսի Առաջին Մրցաշարքը

PROFOTO

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ միջազգային եւ ասիական թենիսի ֆետերասիոններուն, այսօր` չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) կը սկսի Արեւմտեան Ասիոյ 13 տարեկանէն վար թենիսի առաջին մրցաշարքը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ:

Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց անհատական եւ զոյգի մրցումներ:

Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած այս հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս երկու մրցաշարքերուն (առաջինը` 15-18, իսկ երկրորդը` 20-24 հոկտեմբերին) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Յորդանանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Օմանէն, Սուրիայէն, Եմէնէն եւ Լիբանանէն երկսեռ մարզիկներ:

Տղոց պարագային առաջին հանդիսացողը պիտի ապահովէ 300 կէտ, ապա յաջորդաբար երկրորդէն չորրորդ դիրքը գրաւողները` 200, 150 եւ 100 կէտ:

Իսկ աղջկանց պարագային կէտերը պիտի տրուին հետեւեալ ձեւով. 200, 120 եւ 80:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս երկու մրցաշարքերուն մասնակցող մարզիչներուն եւ լիբանանցի մարզիկներուն ցանկը, որ երէկ հրապարակուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ.

ՏՂԱՔ

Ֆատի Եուսեֆ (մարզիչ), Մոհամետ Աթայա (օգնական մարզիչ), Քեւին Շահուտ, Թարեք Նաժիա, Ժալալ Սատեք, Սամիր Խուրի եւ Ռոյ Թապեթ (մարզիկներ):

ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Թոնի Պրէյքա (մարզիչ), Վալերի Մաալուֆ (օգնական մարզիչ), Նուր Տիպ, Լեթիսիա Ռըզք, Աննա-Մարիա Հայեք եւ Միրա Սայետ (մարզիկներ):

Մրցաշարքին նախօրեակին Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա լիբանանցի մարզիկներուն յաջողութիւն մաղթելով յոյս յայտնեց, որ անոնք կը յաջողին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել:

 

Share this Article
CATEGORIES