Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Ֆրանսայէն, 3-0 Արդիւնքով
Երէկ երեկոյեան Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Ֆրանսան:
Հիւր կազմը այս մրցումէն յաղթական դուրս եկաւ` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ֆրանսա Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Լըուա Ռեմիի նշանակած կոլին (7-րդ): Անտրէ – Փիեռ Կինիաք 55-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց երկրորդ կոլը, իսկ 84-րդ վայրկեանին Անթուան Կրիեզման` երրորդը:
Մրցումէն ետք Հայաստանի մարզիչ Պեռնար Շալանտ ըսա. «Շատ գոհ մնացի ֆութպոլիստներէն, որովհետեւ անոնք ամէն ինչ ըրին իրենց լաւագոյնը տալու եւ նոյնիսկ կոլ նշանակելու առիթներ ալ ստեղծեցին»:
Իսկ Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան ըսաւ. «Հայ ֆութպոլիստներուն մօտ յոգնածութեան նշաններ կային` նկատի ունենալով, որ անոնք երեք օր առաջ մրցած էին Սերպիոյ դէմ: Այդ մրցումին Հայաստան արժանի էր յաղթանակի: Կը կարծեմ որ Հայաստան բոլոր առաւելութիւնները ունի Եւրոպայի Եուրօ-2016-ի աւարտականներուն տոմս մը ապահովելու համար»:

