Պասքեթպոլ. Աղջկանց Արաբական Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Դէմ Սուլած Իրաւարարը Կախակայուեցաւ

1014_basket-hmemԱղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի եգիպտական Ժազիրա խումբին դէմ:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը: Սակայն երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Նաֆթ խումբին դէմ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պարտութիւն մը կրեց` զոհ երթալով իրաւարարին անարդար սուլիչին:

Կազմակերպիչ յանձնախումբը, երէկ իր գումարած ժողովէն ետք յայտարարեց, որ այս մրցումին իրաւարարը կախակայուեցաւ:

ՀՄԸՄ-ի դէմ կատարուածը եղաւ դիտումնաւոր, որովհետեւ ատով իրաւարարները արգելք հանդիսացան, որ աւարտական մրցումը ըլլայ լիբանանեան երկու խումբերուն` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ:

Նշենք, որ երէկ Ռիատի Պէյրութի (Բ. խմբակ) աղջիկները արձանագրեցին իրենց երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 66-50 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սփորթինկը (Եգիպտոս):

Share this Article
CATEGORIES