Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շարունակեցէք ձեր սկսած աշխատանքը ամբողջացնել առանց երկմտելու, որովհետեւ ատիկա նպաստաւոր է ձեր վարկին բարձրացման:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արտառոց տեկեկութիւններու կարեւորութիւն մի տաք: Մարդիկ կը սիրեն կատակել անիմաստ տրամադրութեամբ: Շուտով մի հաւատաք կեղծիքի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր երեւակայութիւնը պիտի զարգանայ այսօր եւ պիտի կարենաք իրականութեան հետ հաշտեցնել երազը: Հաճելի լուրեր պիտի բարելաւեն ձեր օրուան գործունէութիւնը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այլամերժութիւնը բնաւ ձեռնտու չէ: Չէք կրնար ձեր երազները հարիւր տոկոսով իրագործել: Ձեր ոտքերը ամուր պահեցէք, կը յաջողիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հրաւէր մը ունիք արուեստի կեդրոն մը այցելելու: Ձեր սիրած մարզն է այս, մանաւանդ երբ հրաւէրը եկած է սիրելի անձէ մը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անհամբեր էք ձեր դիմումին պատասխանը իմանալու: Հոգ մի ընէք, որովհետեւ ձեր բնական վերաբերումը պիտի տպաւորէ ձեր մեծերը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Ինչ որ ցանէք զայն կը հնձէք», կ՛ըսէ առածը: Այսօր առիթը պիտի ունենանք ձեր ցանած բարի սերմերուն պտուղը քաղելու: Ուրախ եղէք: Յուսահատիլը մեղք է, համբերութիւնը կը վարձատրէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դեռատի անձերու հետ գործ պիտի ունենաք: Զանոնք յանձնած են ձեզի, որպէսզի դաստիարակէք: Պտոյտ մը լաւագոյն դասը կրնայ ըլլալ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը նոր, հանդիպումները նոր: Ձեր հանդիպումները պիտի ըլլան բազմատեսակ եւ արդիւնաւէտ: Ուրախութեամբ պիտի յոգնիք: Երանի ձեզի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ կը նկատէք, որ օրերը գեղեցիկ չեն ձեզի համար, մի՛ վհատիք: Կեանքը ունի արեւ եւ անձրեւ: Անձրեւին կը յաջորդէ պայծառ արեւ, գիտցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր մեծաւորները բարեհաճ արտօնութիւնը պիտի ընծայեն ձեզի, իրագործելու համար ձեր երազած փափաքները: Օրը ունի հաճելի պահեր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աննշան հարց մը պիտի բորբոքէ ձեր տրամադրութիւնը: Իմաստութեան կարիքը ունիք: Գերզգայնութիւնը կը վնասէ ձեզի: Յարմարեցէք օրուան պահանջներուն, որպէսզի հանգստանաք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )