ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը եւ զանոնք բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան փրոթոգոլային համաձայնագիրներու ստորագրութեան կարեւորութիւնը:
Պահեր ընդգծեց Թեհրանի զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ նախագահ Սլէյմանը վերստին հրաւիրեց Իրան:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց իրանեան պատուիրակութեան` մնայուն կերպով Լիբանանի կողքին կանգնելու իրանեան կեցուածքին վերահաստատման համար: Ան իր ողջոյնները ուղղեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի` Իրանին մաղթելով կայունութիւն եւ յաւելեալ բարգաւաճում:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, որոնք ներկայացուցին իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահէն արտօնութիւն ստացաւ` մեկնելու Ֆրանսա եւ լիբանանեան ու ֆրանսական բանակներուն գործակցութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ ունենալու ֆրանսացի ապահովական պատասխանատուներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրադարձութիւնները: