50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանի ձայնասփիւռէն առնելով` արտասահմանեան հայերէն բոլոր թերթերը գրեցին, թէ վերջին վիճակագրութեան արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան ընդհանուր թիւն է 1,890,000: Խօսնակը աւելցուցած է նաեւ, թէ երկու տարուան ընթացքին Հայաստանի բնակչութիւնը աւելցած է 125,000 հոգի:

Ուրիշ աղբիւրներէ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, մայրաքաղաք Երեւանի բնակչութեան թիւն ալ հասած է 560,000-ի:

Սրտի անհուն հրճուանքով է, որ կու տանք այս լուրը մեր ընթերցողներուն: Կը հաստատուի նաեւ «Թաս» գործակալութեան թղթակցին կողմէ, որ տեսակցութիւն մը ունենալով Հայաստանի վիճակագրական գրասենեակի վարչութեան նախագահ Հրանդ Մարտիրոսեանի հետ, ստուգած է կարգ մը մանրամասնութիւններ վերջին վիճակագրութեան մասին:

Հրանդ Մարտիրոսեան ըսած է, թէ անցեալ տարուան աճի համեմատութիւնը եղած է 34 առ հազար:

Մասնաւորաբար Երեւանի աճը եղած է աչքառու: Վերջին երկու տարուան ընթացքին բնակչութեան թիւին վրայ աւելցած է յիսուն հազար հոգի:

Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին աճման թափը, որ երկրորդ տեղը կը գրաւէ Խորհրդային Միութեան բաղկացուցիչ երկիրներուն մէջ, Հայաստանի բնակչութեան թիւը պէտք էր ըլլար այսօր ոչ թէ 1,890,000, այլ` շատ աւելին:

Եթէ նկատի ունենանք Հրանդ Մարտիրոսեանի ցոյց տուած 34 առ հազար աճումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ միլիոն բնակչութեան թիւերը, քառասուն տարուան ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան թիւը պիտի հասնէր ոչ թէ 1,890,000 հոգիի, այլ` 2,360,000-ի, առանց նկատի առնելու հարիւր հազար ներգաղթողներու թիւը եւ աճման բաղադրեալ տոկոսը:

Բնականօրէն ամէն մէկ սրտցաւ հայ հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի բնակչութիւնը չէ աւելցած համեմատական չափով:

Դառն վիշտով է, որ պիտի պատասխանենք այդ հարցումին:

Որովհետեւ, հակառակ համայնավարներու հաւաստիքներուն, թէ Հայաստան ազատ է եւ կ՛ապրի երջանիկ պայմաններու մէջ, մեր ժողովուրդը այս քառասուն տարուան ընթացքին չէ ապրած ազատ մարդու բնականոն կեանքը, այլ տառապած է համայնավար բռնակալութեան տակ` ենթարկուելով անլուր տանջանքներու, աքսորի, բանտի, տեղահանութեան եւ գնդակահարութեան:

Որո՞ւ համար գաղտնիք է, թէ երկու ճիւաղներ` Ստալին եւ Բերիա, իրենց միահեծան իշխանութեան օրերուն ամէն կերպ ջանացին պակսեցնել հայոց թիւը` ջարդերով, աքսորով եւ անմարդկային հալածանքներով: Ոչ միայն հայապատկան հողերը թուրքին ու վրացիին ընծայելով, այլեւ` ոտնձգութիւններ ընելով Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանի դէմ եւս:

Անշուշտ, աւանդապահ մեր ժողովուրդին աճման թափը չտկարացաւ, համայնավար կարգերու բերումով եւ թշնամական վերաբերումով տեղի ունեցան բռնագաղթեր, աքսորներ, բանտարկութիւններ, որոնք անճիտեցին մեր ժողովուրդը:

Ո՞վ կրնայ ըսել մեզի, թէ ներգաղթող հայերու հարիւր հազարէն քանի՞ հոգի մնացած է Հայաստանի մէջ:

Նախախորհրդային շրջանին Մոսկուայի մէջ հազիւ հինգ հազար կը հաշուէր հայերու թիւը: Այսօր հոն ունինք հարիւր հազարէ աւելի հայեր: Անոնք իրենց կամքո՞վ գացին հոն:

Ղազախստանի մէջ այսօր յիսուն հազար հայեր կան, մեծ մասը` դպրոցական պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք այդ երկրի խոպան հողերը մշակելու համար «կամաւոր» գացած են, ըստ հայաստանեան թերթերուն: Անշուշտ` «եղբայրական» օգնութիւն ընելու հայրենասիրական պարտք մը կատարելու նախանձախնդրութեամբ:

Նոյնը նաեւ` Ուզպեքիստանի եւ ուրիշ վայրերու խոպան հողերու մշակութեան նպատակով «կամաւոր» գացողներու մասին:

Հայաստանի արուեստագէտները, ճարտարապետներն ու գիտնականներն ալ կը ճամբեն ուրիշ երկիրներ` զրկելով  զանոնք հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքներէն:

Այլասերած սոփեստները թող շան քարոզ չկարդան մեզի, թէ տարբերութիւնն ի՛նչ է, Հայաստա՞ն եղեր է, թէ՞ Ղազախստան: Թող չառարկուի նաեւ, թէ մեր հայրենիքի սահմանները նեղ են, բաւարար տեղ չկայ աճող բնակչութեան համար եւ, բնականաբար, անոնք կը զրկուին նոյն հայրենիքի տարբեր հողամասերուն վրայ աշխատելու:

Հապա ո՞ւր մնացին ուխտաւորներու այն հաւաստիացումները, թէ վարչապետ Խրուշչեւ Հայաստանի քառասնամեակի փառապանծ հանդիսութիւններուն առթիւ Հայաստանի դէմ գործուած անարդարութիւնը դարմանելու համար Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը պիտի վերադարձնէ հայերուն:

Ուրիշ աղբիւրներէ ալ լուրեր հասան այդ հողամասերու վերադարձին մասին:

Ո՞ւր մնացին այդ տարաձայնութիւնները:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Share this Article
CATEGORIES