ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԽՆԱՅՈՂԱՍԷ՞Ր, ԹԷ՞ ՄՍԽՈՂ ԷՔ

Խնայողասէր ըլլալը մեծ յատկութիւն է, պայմանաւ որ ժլատութեան չտանի: Ոմանք կ՛ապրին օրը օրին եւ վաղուան հաշիւը չեն ըներ, ուրիշներ` ընդհակառակը…

Իսկ դուք, ո՞ր խումբին կը պատկանիք: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Ճիշդ կը գտնէ՞ք եկամուտի եւ ծախսերու մասին տեւական նշումներ կատարելը:

– Այո – 3
– Ոչ – 0
– Թերեւս – 1

2

«Ժամանակը դրամ է» խօսքը ձեր կեանքի ընթացքը կը ճշդէ՞:

– Երբեք – 0
– Երբեմն – 1
– Թերեւս, այո – 3

3

Նոյնիսկ եթէ նիւթապէս հանգիստ էք, խնայողաբա՞ր կ՛ապրիք:

– Ոչ – 0
– Այո – 3
– Ոչ միշտ – 1

4

Հին առարկաներ կը պահէ՞ք` մտածելով, որ օրին մէկը կրնաք պէտք ունենալ:

– Ոչ միշտ – 1
– Անշուշտ – 3
– Ոչ – 0

5

Որքան ալ փորձէք, միշտ չնախատեսուած ծախսեր կ՛ելլեն:

– Դժբախտաբար` այո – 0
– Հազուադէպօրէն – 3
– Երբեմն – 1

6

Երբ շուկայ երթաք, ձեր դրամապանակին մէջի գումարը լրիւ ծախսա՞ծ կը վերադառնաք:

– Երբեք – 3
– Կախում ունի… – 1
– Այո, անշուշտ – 0

7

Որեւէ բան գնելէ առաջ նախ գինը կը հարցնէ՞ք:

– Ոչ միշտ – 1
– Անշո՛ւշտ, միշտ – 3
– Ոչ – 0

8

Դուք լաւ կը հասկնա՞ք այն անձերը, որոնք բան մը գնելէ առաջ բազմիցս կը մտածեն:

– Այո, ճիշդ կ՛ընեն – 3
– Ոչ, ատիկա չափազանցութիւն է – 0
– Թերեւս իրաւունք ունին – 1

9

Անիմաստ շռայլութիւնը կը նշանակէ, որ մարդը չի մտածեր վաղուան մասին:

– Պէտք է ապրիլ ներկայով – 0
– Ըստ երեւոյթին` այո – 1
– Այդպէս է – 3

10

«Սեւ օրերու» գանձանակ մը ունի՞ք:

– Այո – 3
– Ոչ – 0
– Հազիւ քառորդը լեցուն է… – 1

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 0 – 10 կէտ հաւաքեցիք, դուք վատնող անձ մըն էք, խնայողութեան ի՛նչ ըլլալը չէք գիտեր, ձեզի համար «սեւ օր» գոյութիւն չունի: Շռայլ հոգի ունիք, կ՛ապրիք ներկայով, անպատասխանատու էք ձեր եւ ձեր ընտանիքին հանդէպ:

Ժամանակն է, որ փոխէք ձեր ընթացքը. նոյնիսկ եթէ դրամ խնայելու միջոց չունիք, առնուազն խնայողութեամբ ծախսեցէք ձեր եկամուտը:

***

Եթէ 11-24 կէտ հաւաքեցիք, դուք ո՛չ ժլատ էք, ո՛չ շռայլ: Կը սիրէք չնախատեսուած գնումներ ընել, կեանքը ապրիլ, վայելել, բայց գիտէք ատենին ձեր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկել եւ ի հարկին խնայել ու սահմանափակել ծախսերը:

***

Եթէ 25-30 կէտ հաւաքեցիք, երբեմն ժլատութեան հասնող խնայողութիւններ կ՛ընէք, սակայն ընդհանուր առմամբ հեռատես էք եւ խնայողասէր: Գիտէք շատ լաւ տնտեսել ձեր եկամուտը եւ ոչ մէկ անգամ անհաճոյ անակնկալներու առջեւ գտնուած էք:

Եթէ նիւթապէս հանգիստ էք, լաւ կ՛ըլլայ, որ վայելէք կեանքը, ատիկա ձեր իրաւունքն է:

 

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ – ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ

ՍՈՎԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆԸ

Սովաբուժութեան հետեւիլ` կը նշանակէ սնանիլ սեփական օրկանիզմի պաշարներու հաշուոյն, միեւնոյն ժամանակ` մաքրել մարմինը ամէնօրեայ մահացած բջիջներու արտադրած թոյներէն:

Մեծ փոփոխութիւններ կը յառաջանան նիւթափոխանակութեան մէջ եւ սնունդի իւրացման համեմատութիւնը սովաբուժումէն ետք կ՛ըլլայ առաւելագոյն չափով: Սովաբուժութեան պատճառով բջիջներն ու հիւսկէնները ձեռք կը բերեն կենսունակութիւն եւ վերարտադրման ընդունակութիւն: Յատկապէս արտաքինէն յայտնի կ՛ըլլայ մորթի երիտասարդացումը եւ աչքերու արտայայտչութիւնն ու փայլքը: Սովաբուժութեան ժամանակ մարմնի մաքրում տեղի կ՛ունենայ ինչպէս շնչառութեան, այնպէս ալ մորթի, մէզի, փոխման միջոցով:

Սովը ինքնին վտանգաւոր չէ առողջութեան համար, սակայն սովէն ետք սխալ սննդառութիւնը կրնայ նոյնիսկ մահացու դառնալ: Հետեւաբար զայն պէտք է կիրարկել մասնագէտի ցուցմունքներով եւ անոր հսկողութեան տակ: Կարելի է շաբաթական դրութեամբ մէկ օր ոչինչ ուտել, միայն ջուր խմել: Իսկ երկարատեւ սովաբուժութեամբ, ինքնաբուժումը առանց մասնագէտի ցուցմունքներու, չափազանց վտանգաւոր է: Եկեղեցին ալ համամիտ է քչակերութեան, ժուժկալութեան, ծոմապահութեան: Քրիստոնեաներուն մօտ տարուան մէջ ծոմապահութեան շուրջ 200 օրեր կան:

Շաբաթական միօրեայ ծոմապահութիւնը կարելի է կատարել հիւանդութիւններու բուժման եւ կանխարգիլման նպատակով: Նախաճաշէն մինչեւ յաջորդ օրուան նախաճաշը կարելի է ծոմ պահել` առանց նախապատրաստական մաքրումներու: Չխմել հիւթեր, այլ` միայն ջուր:

Որեւէ սննդականոն, բայց յատկապէս սովաբուժութիւնը ինքնագլուխ կարելի չէ եւ պէտք չէ գործադրել. ինչպէս ըսինք, հետեւանքը մահացու կրնայ ըլլալ, եթէ մասնագէտի հսկողութեամբ չկատարուի:

 

ՍՏՈՒԳԵՆՔ ՄԵՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԸ

Ի՞ՆՉ ԳԻՏԵՆՔ ՀԱՒԿԻԹԻՆ ՄԱՍԻՆ

1

Հաւկիթը հարուստ է…
Բնաթելով – բնասպիտով – Պէ. 3 կենսանիւթով

Պատասխան

Հաւկիթը բնասպիտով հարուստ ուտելիք մըն է: Երկու հաւկիթներ նոյնքան բնասպիտ կը հայթայթեն, որքան` 100 կրամ կովու միսը: Սակայն չմոռնա՛ք, որ իւրաքանչիւր 100 կրամ հաւկիթը 380 միլլիկրամ քոլեսթերոլ կը պարունակէ, հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոր սպառումը:

2

Նախընտրելի է գնել
Ճերմակ կեղեւով հաւկիթը – սրճագոյն կեղեւով հաւկիթը

Պատասխան
Հաւկիթին կեղեւին գոյնը կախեալ է հաւուն ցեղէն եւ տարուան եղանակէն: Հետեւաբար հաւկիթին կեղեւին գոյնը չափանիշ չէ անոր որակին: Ինչ կը վերաբերի դեղնուցին գոյնին, ան ալ կախեալ է հաւուն կերած ուտելիքներէն եւ հատեղէններէն:

3

Հաւկիթի սպառումի տեւողութիւնը պէտք չէ անցնի
18 օրը – 28 օրը – 31 օրը

Պատասխան
Հաւկիթը պէտք է սպառել ածուած ժամէն մինչեւ յաջորդ 28 օրերու ընթացքին:

Առաջին ինը օրերուն ընթացքին կարելի է ուտել զայն հում կամ թերխաշ: Ինը օր անցնելէ ետք զայն գործածել ձուածեղի, կարկանդակի պատրաստութեան մէջ եւ կամ զայն ուտել լաւ խաշած:

4

Զատկին տուրմէ հաւկիթ նուիրելու սովորութիւնը կու գայ
19-րդ դարէն – 16-րդ դարէն – Միջին դարէն

Պատասխան
Կը պատմուի, թէ 18-րդ դարուն կարկանդակ վաճառող մը գաղափարը ունեցած է հաւկիթի մը միջուկը պարպել եւ կեղեւին մէջ տուրմ լեցնել: Սակայն դար մը եւս պէտք էր սպասել, որպէսզի տուրմէ հաւկիթը ընդհանրանայ աշխարհիս երեսին:

5

Թերխաշ հաւկիթի պատրաստութեան համար հաւկիթ մը պէտք է եռացնել
1 վայրկեան – 3 վայրկեան – 5 վայրկեան

Պատասխան
Թերխաշ հաւկիթ պատրաստելու համար ջուրը եռալէն ետք հաւկիթը խաշել 3 վայրկեան. այս ձեւով դեղնուցը կ՛ըլլայ հասուն, բայց` ոչ ջրիկ: Ամուր խաշած հաւկիթի պարագային` խաշել 8 վայրկեան:

 

ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ՄՈՄԸ

Բացօթեայ ընդունելութիւններու պարագային, կարելի է վերջին վայրկեանին մոմակալներ պատրաստել` յաւելեալ մթնոլորտ ստեղծելու համար: Այսպէս, առէք քանի մը ապակեայ բաժակ, կիսով աւազ լեցուցէք եւ մէկական մոմ հաստատեցէք կեդրոնը:

Եթէ բաժակը միագոյն է, անոր շուրջ գունաւոր ժապաւէն մը կամ րաֆֆիա կապ մը անցուցէք:

Աւազին երեսը ծածկեցէք ծաղիկի թերթերով կամ խճաքարով:

***

Մոմակալ կարելի է շինել օգտագործելով նարինջի կեղեւը: Այսպէս, առէք լուացուած, ձեւաւոր եւ քիչ մը հաստ կեղեւով նարինջ մը, զայն զարդարեցէք մեխակի գամերով, պարպեցէք միջուկը, փոխարէնը աւազ լեցուցէք եւ մոմ մը հաստատեցէք կեդրոնը:

Կարելի է նաեւ սուր դանակի մը միջոցով կլոր, եռանկիւն կամ քառակուսի բացուածքներ բանալ կեղեւին վրայ:

***

Մոմերուն ազդեցութիւնը կրնաք բազմապատկել` զանոնք հայելիի մը առջեւ եւ կամ արծաթեայ ափսէի մը վրայ զետեղելով: Արտացոլումը աւելի եւս տպաւորիչ պիտի դարձնէ լուսաւորումը:

***

Ջուրի վրայ ծփացող մոմերը հանդարտեցնելու յատկութիւնը ունին: Եթէ լողաւազանի շուրջ էք, կրնաք ծփացող մոմեր զետեղել լողաւազանին ջուրին մակերեսը:

Տան մէջ, կարելի է կեդրոնական սեղանին վրայ ներկայանալի աման մը զետեղել (պտղաման, աղցանի աման, եւ այլն…) երեք քառորդով ջուր լեցնել եւ ծփացող մոմեր զետեղել երեսը:

Եթէ ամանը բաւական մեծ է կարելի է ջուրին աւելցնել նարինջի եւ կիտրոնի կլոր շերտեր եւ կամ` ծաղիկի թերթիկներ:

***

Հիւրերուն համար շատ հաճելի է դիմաւորուիլ մոմերով լուսաւորուած նրբանցքէ մը կամ սանդուխներէ: Վերոյիշեալ մոմակալի գաղափարները հոս եւս կարելի է կիրարկել:

***

Մոմերուն կեանքը երկարաձգելու համար, զանոնք սառնարանը պահեցէք գործածելէ առնուազն 2 ժամ առաջ: Կարելի է նաեւ պատրոյգին շուրջ քանի մը հատիկ քարաղ զետեղել:

***

Եթէ ձեր ծածկոցին վրայ հալած մոմ հոսի, ձգեցէք որ պաղի ու քարանայ: Դգալի միջոցաւ քերթեցէք եւ հանեցէք երեսի կարծր բաժինը, յետոյ ծծուն թուղթ դրէք արատին վրայ եւ տաք արդուկով արդուկեցէք: Գործողութիւնը կրկնեցէք քանի մը անգամ:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐՈՎ «ՀԱՑԻԿՆԵՐ»

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 8 գետնախնձոր
– 1 սոխ
– 2 լոլիկ
– 1 հաւկիթ
– Պանիր (այծի, մոցարելլա, հալլում…)
– Ձէթ
– Խնկունի (ռոմարեն)
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները քերոցէ անցընել, աղել, համեմել եւ քամոցի մէջ փոխադրել, որպէսզի ջուրը սուզուի:

Մանրել սոխը: Ամանի մը մէջ խառնել գետնախնձորն ու սոխը, աւելցնել հաւկիթը:

Լոլիկները կլոր շերտել, աղել, համեմել, իւրաքանչիւրին վրայ շերտ մը պանիր դնել` ըստ ճաշակի:

Խոշոր տապակի մը մէջ քիչ մը ձէթ դնել. տաքնալէն ետք, խոշոր դգալով մը գետնախնձորով խառնուրդէն դնել` չորս տեղ եւ իւրաքանչիւրը 5-6 վայրկեան երկու երեսով տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Փուռը տաքցնել 210 ջերմաստիճանով, տապկուած գետնախնձորի հացիկները շարել ափսէի մը մէջ, իւրաքանչիւրին վրայ զետեղել նախապէս պատրաստուած լոլիկի եւ պանիրի շերտերը, զարդարել խնկունիով: Երեսը աւելցնել շատ քիչ ձէթ եւ փուռին մէջ եփել հազիւ 5 վայրկեան:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Եթէ ժամանակը ամէնէն սուղ բանն է, ապա ժամանակի մսխումը` մեծագոյն վատնումը:

Բ. ՖՐԱՆՔԼԻՆ

***

Դրամը արժէքաւոր է, մարդը` աւելի արժէքաւոր, իսկ ժամանակը` ամէն բանէ արժէքաւոր:

Ա. ՍՈՒՎՈՐՈՎ

***

Ժամանակ սպաննելը ինքնասպանութիւն է:

Ճ. ՓԵՔ

***

Մեծ է այն մարդը, որ կրնայ տիրապետել իր ժամանակին:

ՀԵՍԻՈԴՈՍ

***

Անոնք, որոնք երբեք ժամանակ չունին, սովորաբար ոչ մէկ բան կ՛ընեն:

Գ. ԼԻԽԹԵՆՊԵՐԿ

***

Միշտ ալ կարելի է բաւարար ժամանակ գտնել, եթէ անիկա լաւ օգտագործուի:

Յ. ԿԷՕԹԷ

***

Այսօրուան մէկ ժամը վաղուան երկու ժամը կ՛արժէ:

Թ. ՖՈՒԼԼԵՐ

 

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES