ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ
ՍՈՒՐԻԱ
ՔԻԼԻՍԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Քիլիսի հայ երիտասարդաց միութեան, վերջերս Սուլէյմանիյէի պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ բացում` վարչութեան նորակառոյց շէնքին եւ առաջին յարկի բարեզարդուած սրահին:
Բարի գալուստի եւ վարչութեան խօսքը արտասանեց Քիլիսի հայ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Յարութ Չաղլասեան: Ան բացատրեց, թէ միութեան գլխաւոր նպատակը եղած է քիլիսցի չքաւոր սաներու օգտակար ըլլալ` ազգային վարժարաններու մէջ, աւելցնելով, որ նորակառոյց «Պալեան» շէնքի եկամուտը նոր թափ պիտի տայ միութեան պիւտճէին, եւ կարելի պիտի ըլլայ բազմապատկել սաներու տրամադրուած գումարները:
Ապա սրբազան հայրը կատարեց կեդրոնին օրհնութիւնը:
Այնուհետեւ «Անի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք: Յարութ Չաղլասեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց սրբազանը, որ կատարէ պարգեւատրումը շէնքի շինարարութեան` իրենց սուղ ժամերը տրամադրած յանձնախումբի անդամներուն:
Ապա վարչութիւնը միութեան նշանակը կրող յուշանուէրով մը պարգեւատրեց սրբազան հայրը, որ իր կարգին խօսք առնելով` բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք նիւթական եւ բարոյական իրենց աջակցութիւնը բերին գործին յաջողութեան: Ան բարի երթ մաղթեց բոլոր հայրենակցական միութիւններուն, որպէսզի շարունակեն իրենց հայապահպանման առաքելութիւնը:
ԿԻՊՐՈՍ
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ – ԳԻՆԵՁՕՆ
Հովանաւորութեամբ Մակի Մահտեսեանի, 3 յունիսին, Նիկոսիոյ «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս-գինեձօն` Ազգային առաջնորդարանի արխիւներէն քաղուած երեք հատորներու` 1) «Ատանայի վկաները եւ Ս. Ստեփանոս վկայարանը», 2) «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի», 3) «Կիպրոսի թեմի հովուական կարգը եւ թեմական կազմաւորումը»: Հատորներու խմբագիրն է թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, որուն առաջին մտահոգութիւնը եղած է փրկել այդ նշխարները վերջնական կորուստէ:
Գինեձօնի աւանդական արարողակարգը կատարեցին` Վարուժան արք. Հերկելեան եւ քահանայ հայրեր` Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեան եւ Մոմիկ քհնյ. Հապեշեան: Այնուհետեւ գիրքերը ներկայացուց Եղիա Գայայեան` բարձր գնահատելով յատկապէս Վարուժան արք. Հերկելեանի տքնաջան, համբերատար, երկարատեւ ու բծախնդիր աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի եղած էր լոյս ընծայել այդ կարեւոր հատորները եւ կարեւոր նպաստ մը բերել ո՛չ միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 20-րդ դարու պատմութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ու հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան: Այդ գիրքերը, հաւաքաբար եւ առանձինն, վկայարանն են Կիլիկիոյ տխուր դէպքերու, հայ ժողովուրդի տարագրութեան, սփիւռքի կազմաւորման, հայոց եկեղեցիին ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու տագնապներուն եւ յարակից բազում հարցերու: Անոնք կը բովանդակեն նամակներ, թղթակցութիւններ, կոնդակներ, տեղեկագիրներ, որոնք կարեւոր սկզբնաղբիւր կրնան ըլլալ ոեւէ ուսումնասիրողի, կամ` հետաքրքրել ընթերցողը առհասարակ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ հատորներու խմբագիր Վարուժան արքեպիսկոպոս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքերու տպագրութեան ծախսերը հոգացած «Գալայճեան» հիմնարկին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Կիպրոսի Ազգային իշխանութեան: Նմանապէս, երախտագիտութիւն յայտնեց Եղիա Գայայեանին, որ մեծապէս օգտակար եղած էր հատորներու տողաշարական, էջադրական եւ յարակից աշխատանքներուն:
Ներկաները նաեւ առիթը ունեցան տեսնելու հաստափոր ձեռագիր տետրակները, որոնք ցուցադրուած էին սրահին մէջ: Շատ բարակ թուղթի վրայ արձանագրուած բառերն ու գիրերը դարձած էին երբեմն ամբողջովին անընթեռնելի` ժամանակի աւերիչ ազդեցութեան տակ: Հետեւաբար փճացումի եզրին հասած այդ ձեռագիրները վերջնական կորուստէ փրկելը, զանոնք խմբագրելն ու հրատարակելը մեծապէս գնահատելի եւ գովելի աշխատանք է, որ կատարեր է հայ գիր ու գիրքի նուիրեալ Վարուժան արքեպիսկոպոս:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ
ՄԱՀՈՒԱՆ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Յունահայկական հետազօտութիւններու կեդրոնին, այս տարուան ընթացքին տեղի ունեցան եւ տակաւին պիտի ունենան շարք մը մշակութային ձեռնարկներ` նուիրուած ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի մահուան 30-րդ տարելիցին: Ձեռնարկներ կազմակերպելուն նպատակն է մեծ հեղինակին ստեղծած գեղարուեստական եւ մարդասիրական արժէքներու միջոցով Յունաստանի հայկական եւ ամերիկեան համայնքներու, ինչպէս նաեւ յոյն հասարակութեան միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդումը:
ԼԱԹՎԻԱ
ԼԱԹՎԻՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒԵՑԱՒ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
29 յունիսին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս հովուապետական այցով ժամանեց Լաթվիոյ Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ռիկա, ուր նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զաթլերսի հետ: Զրոյցի ընթացքին ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նախագահին` հայ համայնքին հանդէպ Լաթվիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին եւ ուշադրութեան համար:
Իր խօսքին մէջ Վ. Զաթլերս, ողջունելով Ամենայն հայոց կաթողիկոսին այցը Ռիկա, բարձր գնահատանքով ներկայացուց հայ համայնքին կարեւոր ներդրումը Լաթվիոյ կեանքին մէջ, եւ շնորհաւորեց վեհափառը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման առիթով:
30 յունիսին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, որուն ներկայ եղան Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Ալեքսանտր մեթրոփոլիթ, Լուտերական եկեղեցւոյ Պաւել եպիսկոպոս, քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւորներ, որոնք այս առթիւ ժամանած էին Էսթոնիայէն եւ Լիթուանիայէն:
Շարականներու, սաղմոսներու եւ աղօթքներու ուղեկցութեամբ օծուեցան եկեղեցւոյ զանգակատան խաչը, Ս. սեղանը եւ սիւները: Օծման արարողութենէն ետք վեհափառը իր օրհնութիւնն ու պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ կառուցումով պիտի նորոգուի լաթվիահայ համայնքին հոգեւոր-մշակութային կեանքը:
Անդրադառնալով Ռիկա քաղաքի փոքրաթիւ հայ համայնքին կազմակերպուած եւ աշխատասէր նկարագիրին ու պալթեան երկիրներուն մէջ առաջին հայկական եկեղեցւոյ կառուցման` հայրապետը նշեց, թէ պատահական չէ, որ հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, իր առաջին մտածումը կ՛ըլլայ եկեղեցի կառուցել, աւելցնելով, որ մեր զաւակները քաջ գիտակցութիւնը ունին այն անհերքելի իրականութեան, թէ քրիստոնէութիւնը կ՛արտայայտէ մեր հոգեւոր ինքնութիւնը, եւ թէ` Հայ առաքելական եկեղեցին կը ձեւաւորէ ազգային քրիստոնէական իր դիմագիծը:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքի աւարտին նորաօծ եկեղեցւոյ նուիրեց սրբապատկեր մը: Այնուհետեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. պատարագ:
Նոյն օրը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան գիրեր շնորհեց եկեղեցւոյ կառուցման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած բարերարներ` Առնօ Տէր Սահակովի, Արտակ Դանիէլեանի, Էդուարդ Տէր Սահակովի, Ռոպերթ Յովհաննիսեանի, Էռնեսթ Պերնիսի, Սերգէյ Աւետիսեանի, Աղան Աւետիսեանի, Արա Դաւոյեանի, Պաւել Սայատովի, Ատոմ Խաչատրեանի, Մխիթար Մխիթարեանի, Վաչագան Պօղոսեանի, Արթուր Իսախանովի, Ռուստամ Ասոյեանի, Ենոք Կոսեանի եւ Սուրէն Պարսամեանի:
Երեկոյեան, ի պատիւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, համայնքին կողմէ կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն մասնակցեցան հայ համայնքի անդամներ, Լաթվիոյ իշխանութիւններու եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
1 յուլիսին Գարեգին Բ. վերադարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐԸ» ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԸ
ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ԹԵԼԼԻ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Վերջերս «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին կարճ տարբերակը արժանացաւ «Թելլի» միջազգային ժապաւէնի մրցանակաբաշխութեան բարձրագոյն պարգեւին:
Վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ Պարետ Մարոնեան, որ ժապաւէնին բեմադրիչն է, յայտնեց, որ «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին կարճ տարբերակը ընտրուած է` ներկայացնելու «Նիւ Եորք Սիթի ֆիլմմէյքըր՛զ ֆեսթիվըլ» փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ 27-28 օգոստոսին:
Նշենք, որ բեմադրիչ Պարետ Մարոնեան արդէն սկսած է «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնի երկար տարբերակի համադրման երկարաշունչ աշխատանքին` աւելի քան մէկ տարի տեւած նկարահանումներէ ետք:
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ
ԲԵՄԻՆ
Իր կենդանութեան առասպել դարձած Շարլ Ազնաւուր հրաժեշտ կու տայ մեծ բեմին: Անոր վերջին շրջագայութիւնը Եւրոպայէն (Մոսկուա) պիտի սկսի օգոստոս 30-ին: Համերգը տեղի պիտի ունենայ Քրեմլինի պալատին մէջ:
22 մայիսին Ազնաւուր դարձաւ 87 տարեկան: Ան ծնած է 1924-ին, հայ գաղթականներու ընտանիքին մէջ: 9 տարեկանէն սկսեալ երգած ու նուագած է բեմին վրայ: Հեղինակն է 1000-է աւելի երգերու, նկարահանուած է 60 ժապաւէններու մէջ: Ճանաչում գտած է որպէս 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչը:
2009 թուականէն ան Հայաստանի դեսպանն է Զուիցերիոյ մէջ: 1988-ի հայրենաւեր երկրաշարժէն ետք բարեգործական ձեռնարկներ կազմակերպած է տուժածներուն օգնելու համար: Իսկ վերջերս յայտարարուեցաւ, որ Ազնաւուր պիտի ղեկավարէ Հայաստանի մէջ գտնուող եկեղեցիներու վերականգնումով զբաղող հիմնադրամը:
Նշենք, որ վերջերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի ի պատիւ երեկոյ, իսկ 28 սեպտեմբերին Փարիզի «Օլիմփիա» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազնաւուրի համերգը:
ՋԱՒԱԽՔԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ`
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Այս տարի եւս Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» յանձնախումբը նախաձեռնած է Ջաւախքի ի նպաստ դրամահաւաքի` յատուկ գանձանակներ զետեղելով հայկական վարժարաններու մէջ, առիթ ընծայելով աշակերտներուն, որ գործնական մասնակցութիւն բերեն Ջաւախքին օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքներուն:
Մինչեւ այսօր «Ալեք Փիլիպոս»ի, «Ֆերահեան»ի, «Թիւֆենքեան»ի, «Թաւլեան»ի, «Արի Կիրակոս»ի, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի «Մայր», «Թալին» ու «Սեւան» շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները այս միջոցով նուիրած են 12 հազար ամերիկեան տոլար:
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի «Նոր Ջուղայի բարեկամներ» յանձնախումբին, 3 յունիսին, Իրանահայ միութեան նորակառոյց կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կեդրոնական, «Կատարինեան» եւ «Քանանեան» դպրոցներու 130, 110 եւ 107-ամեայ տարեդարձները:
Ձեռնարկի հաղորդավարներն էին Անգինէ Այվազեան եւ Արմէն Ղազարեան, որոնք իրենց ասմունքներով եւ հայրենասիրական լոզունգներով յատուկ փայլ տուին հանդէսին:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց «Նոր Ջուղայի բարեկամներ» յանձնախումբի ատենապետ Վահագն Աբգարեանց: Ան անդրադարձաւ օրուան հանդէսին` գնահատելով տարուած աշխատանքներու մասնակիցները եւ ծրագրի հովանաւորները: Աբգարեանց յայտնեց, թէ նման ձեռնարկներ լաւագոյն միջոցներն են մատաղ սերունդին փոխանցելու հայոց ազգային կրթական հաստատութիւններուն կարեւորութիւնը եւ կենսական դերը հայապահպանման ասպարէզին մէջ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր նոյն դպրոցի շրջանաւարտ, ծանօթ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան: Ան իր ամփոփ ելոյթով նկարագրեց հայ ժողովուրդի բռնի գաղթը եւ հաստատումը Նոր Ջուղայի մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այն դերակատարութեան, որ ունեցան հայերը Նոր Ջուղայի մէջ: Ս. Ամենափրկչեան վանքի, եկեղեցիներու եւ կրթական հաստատութիւններու կառուցման, առաջին տպարանի հիմնումին, գիրքերու տպագրութեան եւ արհեստներու զարգացման մէջ հայութեան ներդրումը անհերքելի ապացոյցներն են այդ դերակատարութեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցան Նոր Ջուղայի վանքը, եկեղեցիները, պատմական վայրերը, հայ ընտանիքներու տուները եւ քանի մը հասարակական դէմքերու, գրական եւ կրթական գործիչներու պատկերները, որոնց զուգընթաց կը հնչէին բանաստեղծութիւններ` նուիրուած հայոց լեզուին, հայ դպրոցին եւ Նոր Ջուղային:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սպահանի Հայագիտական համալսարանի շրջանաւարտ եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, որ խօսեցաւ հայ դպրոցներու կարեւորութեան, հայեցի դաստիարակման ասպարէզին մէջ մատուցած ծառայութիւններուն, եւ յոյս յայտնեց, որ դարեր եւս կը շարունակուին կանգուն մնալ մեր կրթական օճախները:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ողջոյնները եւ գնահատական խօսքեր ըսաւ բոլոր մասնակիցներուն:
Ձեռնարկին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ`
ԹԱՅԹԵՆԻՔԻ ԸՆԿՂՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ «Արարատ» տան «Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնութեան, 26 յունիսին «Էսքիճեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց դասախօսութիւն մը` «Թայթենիք» նաւու կործանման եւ հետաքրքրական այլ նորութիւններու մասին:
Օրուան դասախօսն էր տոքթ. Կրեկրի Քիթապճեան, որ անգլերէնով ներկայացուց «Հայեր Թայթենիքի մէջ» նիւթը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ, իբրեւ նախաբան, նկարագրեց նաւուն առաջին ուղեւորութիւնը` Լոնտոնէն դէպի Նիւ Եորք, 13 ապրիլ 1912-ին: Ան նկատել տուաւ, որ «Թայթենիք»ի մէջ կային հայեր. անոնց անուններն էին` Գրիգորեան Նշան, Մարտիրոսեան Սարգիս, Սիրականեան Արսէն, Վարդանեան Դաւիթ, Տէր Զաքարեան Մամբրէ, Տէր Ղուկասեան Արթին եւ զէյթունցի յայտնի գրող Սմբատ Բիւրատի տղան` Վաղինակ Բիւրատ…
Դասախօսը մանրամասնօրէն ուսումնասիրած էր «Թայթենիք»ի վախճանը. անոր պրպտումներուն արդիւնքով պարզուած էր, թէ (Միլուաքի) քաղաքի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդ զոյգի մը հարսանեաց հանդէսին ընթացքին ցուցադրուեր է «Թայթենիք» շարժապատկերը: Հարսանիքը աւելի հետաքրքրական դարձած է, երբ պարզուած է, որ հարսը թոռան զաւակն է Դաւիթ Վարդանեանին, որ հրաշքով ազատեր է նաւաբեկման ժամանակ:
Դաւիթ Վարդանեան եւ ուրիշ բազմաթիւ հայեր փախեր էին թրքական հալածանքներէն: Փախստական հայերը ապաստան գտեր էին «Թայթենիք»ի մէջ, եւ ան ալ` ներքնայարկը, իսկ վերի յարկերը տրամադրուած էին նաւու անձնակազմին եւ հարուստ խաւին:
Նաւու խորտակման ժամանակ ազատած էր Դաւիթ Վարդանեան:
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ`
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւններուն, 16 յունիսին Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ հրապարակագիր, դաստիարակ, խմբագիր, ազգային-հասարակական եւ մշակութային նուիրեալ գործիչ Պարոյր Աղպաշեանի 40-ամեայ գործունէութեան նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան Հրաչ Սեփեթճեան կարդաց հայրենիքէն, Լիբանանէն եւ սփիւռքի զանազան վայրերէն ստացուած շնորհաւորագրերը: Նազելի Գոճայեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ ղրկուած շնորհաւորագիր նամակը, որմէ ետք Հրաչ Սեփեթճեան հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան շրջանակի ատենապետ Հայկ Մսըրլեանը, որ կարդաց ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական գիրը եւ ներկայացուց նաեւ Շրջանակին գնահատականը` Պարոյր Աղպաշեանի ճշմարիտ վաստակին:
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անունով տոքթ. Րաֆֆի Պալեան անդրադարձաւ Պարոյր Աղպաշեանի կուսակցական, դաստիարակչական եւ լրագրական երկարամեայ ծառայութիւններուն:
Ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Նազարեանին կողմէ Աղպաշեանին յանձնուեցաւ յուշատախտակ մը:
ՀԲԸՄ-ի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի հայ լեզուի աւագ ուսուցիչ, «Նոր Օր»ի գլխաւոր խմբագիր, ազգային-հասարակական գործիչ, դոկտ. Մինաս Գոճայեան խօսք առնելով` ներկայացուց Աղպաշեան
հրապարակագիրը, խմբագիրը եւ հասարակական գործիչը, որմէ ետք Վարդուհի Գոճայեան կարդաց հատուածներ Պարոյր Աղպաշեանի հրատարակութիւններէն, որոնք կը ներկայացնէին հանրայայտ Աղպաշեանը` իր քաղաքական հայեացքներով, կուսակցական գաղափարաբանութեամբ, դաստիարակչական ոգիով, լիբանանեան ազգային հոգիով եւ ընկերային-ընտանեկան համոզումներով:
Աւարտին սրտի խօսք ուղղեց Պարոյր Աղպաշեան: Ան յայտնեց, թէ այս առիթը զինք ուրախացնող, հպարտացնող, նաեւ խորհրդածութեան առաջնորդող առիթ մըն է, որ կազմակերպուած է` գնահատելու իր գրական, հրապարակագրական, դաստիարակչական, ազգային-հասարակական, խմբագրական վաստակը եւ գործունէութիւնները:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան խօսք առնելով` գնահատեց Պարոյր Աղպաշեանի գրական, ազգային-հասարակական, գաղափարախօսութեան եւ դաստիարակչական վաստակաշատ 40-ամեայ գործունէութիւնը:
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ`
«ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ»Ի ՀԱՄՈՅԹԻՆ
25 յունիսին «Պոսթըն փոփս»ի հայկական օրուան վերապահուած երգահանդէսին ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, որ անգամ մը եւս իր բիւրեղեայ ձայնով հմայեց ներկաները: Մայէսթրօ Քիթ Լոքհըրթի ղեկավարութեամբ, Յ. Պապեան, որ բազմիցս յայտնած է, թէ կ՛ուզէ եւրոպական դասական արուեստի չափանիշներուն հաւասար տեսնել Հայաստանն ու անոր հարուստ մշակոյթը, ներկայացուց Պապաճանեանի «Արիա»ն, Եկմալեանի «Կիլիկիա»ն եւ ապա` միջազգային գործեր, որոնք կը պատկանին Քատալանիի, Փուչինիի եւ Լեհարի: Իսկ աւարտին, առաջին անգամն ըլլալով, ան ներկայացուց երիտասարդ յօրինող Ճան Սարգիսեանի «Կենացի երգը», ներկայութեամբ նոյնինքն յօրինողին, որ այս առթիւ ժամանած էր Օթթաուայէն:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ