ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Հինգշաբթի, 30 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որուն ընթացքին 12-րդ դասարանի 16, եւ 6-րդ դասարանի 21 աշակերտներ ստացան իրենց վկայականները:

Հանդէսին յայտագիրը սկսաւ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն  հանդիսաւոր մուտքով: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, տիկին Եսթեր Քիլաղպեան մատուցեց նուիրման աղօթք:

Յայտագիրի առաջին բաժինով 6-րդ կարգի աշակերտները հանդէս եկան Աստուածաշունչէն ոսկեղէն համարներով` նուիրուած «Հայ մանուկի տարուան» (Անահիտ Նալպանտեան), օրդ. Սոնա Նաշեանի «165-ամեակ» քայլերգով, ասմունքով` անգլերէն (Աննա-Մարիա Գապագեան) եւ արաբերէն (Կարինէ Գիւլխանճեան), նուագով (Մարինա Արթին), խմբերգով եւ Շահանդուխտի «Հայ մանուկներուն» գործին արտասանութեամբ (Դալար Գազեզեան եւ Սէրլի Տէրտէրեան): Ապա նախակրթարանի շրջանաւարտները ստացան իրենց համապատասխան վկայականները: Առաջին այս բաժինի աւարտին վարժարանին տնօրէնը` պատուելի Հրայր Չոլագեան բեմ հրաւիրեց երկարամեայ վաստակ ունեցող երկու ուսուցչուհիներ` Արշալոյս Բարսեղեանը եւ Վերժինիա Պաղտատեանը, որոնք գնահատուեցան յուշանուէրներով:

Ապա պատուելին յորդորեց շրջանաւարտ դասարանը` օրուան իր խօսքին մէջ:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով 12-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին ուղերձներ` հայերէն (Տիգրան Վարդան) եւ արաբերէն (Աստղիկ  Մելիքեան), հայերէն ասմունք (Հրակ Աւետանեան) եւ խմբերգ մը` «Հզօր, անկախ Հայաստան»: Իրենց վկայականները ստանալէ ետք, 12-րդ կարգի աշակերտները մէկական ծաղկեփունջով պատուեցին զիրենք «որդեգրող» դպրոցին` Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեանն ու այդտեղի իրենց դաստիարակուհին` Եսթեր Քիլաղպեանը:

Գնահատանքի եւ շնորհակալութեան որպէս արտայայտութիւն 6-րդ եւ 12-րդ կարգի շրջանաւարտները իրենց ծնողներուն նուիրեցին վարդեր:

Հանդէսի վերջին բաժինին մէջ յատուկ գնահատանքով եւ խօսուն յուշանուէրով պատւուեցաւ պատուելի Հրայր Չոլագեանը, որ ծառայութեան իր դաշտը կը փոխէ եւ յաջորդ տարեշրջանէն սկսեալ պիտի ըլլայ հովիւը Պէյրութի հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցիին: Ապա վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետը` Ճան Սաղըրեան, ներկայացուց նոր նշանակուած տնօրէնուհին` Վարդուկ Պալըգճեանը, որ Շամլեան-Թաթիկեանի  շրջանաւարտուհի է:

Հանդէսը փակուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր.  Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:

Ուրախ եւ հպարտ` շրջանաւարտները սրահէն դուրս եկան հրավառութեան եւ հիւրասիրութեան մթնոլորտի մը մէջ  շնորհաւորութիւններ ընդունելու համար:

Share this Article
CATEGORIES