Անդրադարձ. Ժողովական Զինուորականներ Եւ Մարտիրոս Կիներ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի անդամ 22 երկիրներու բանակներէն հրամանատարներ 14 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ գումարեցին ժողով մը` այդ պայքարի ռազմավարութիւն մը ճշդելու համար: Մինչ դաշնակից ուժերը կը թուին, թէ 11 սեպտեմբերէն ի վեր տակաւին նոր ռազմավարութիւն մը կը ճշդեն, Արաբունարի քիւրտերը, հակառակ ծանր եւ մինչեւ իսկ յուսահատական պայմաններուն, քաջաբար կը շարունակեն շուրջ երեք շաբաթ առաջ սկսած ինքնապաշտպանական մարտերը: Անոնց համար անձնատուութիւնը ընտրանք մը չէ. անոնք կը նախընտրեն զէն ի ձեռին առիւծաբար նահատակուիլ, քան անձնատուր ըլլալով ոչխարի պէս մորթուիլ: ՏԱՀԵՇ-ի արիւնարբու զինեալները այսքան վնասներ կրելէ եւ ետ մղուելէ ետք, եթէ յաջողին գրաւել քաղաքը, այդտեղ, մեծ հաւանականութեամբ, միայն քիւրտերու անշնչացած մարմինները պիտի գտնեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր քիւրտ իր վերջին փամփուշտը իր անձին վերապահած է: Այդ պարագային անոնք իրենց զայրոյթը որո՞ւ վրայ պիտի թափեն:
Մինչ զինուորականներ փոխան զինուորական գործողութեանց ժողովներ կը գումարեն, անդին այր մարդոց կողքին կիներ կը մարտիրոսանան` այդպիսով վարկաբեկելով աստղերով ու շքանշաններով զարդարուած համազգեստներ կրող այդ ժողովական այր մարդիկը:
Ուաշինկթըն 23 սեպտեմբերին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հարուածներու սկիզբը յայտարարեց, եւ այդ օրուընէ ի վեր անոր ղեկավարած դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները կը հարուածեն հաւատադրժողական խմբաւորումը, որ սակայն կը շարունակէ յառաջանալ: Կիրակի, 12 հոկտեմբերին հարցերը սկսան աւելի յստակ դառնալ, երբ յայտնի դարձաւ, որ ՏԱՀԵՇ մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Արաբունար` «յամառ» քիւրտերուն դիմադրութիւնը ընկճելու համար: Այդպիսի զինուորական շարժում մը չէր կրնար վրիպիլ Սուրիոյ տարածքին վերեւ թռիչքներ կատարող ռմբաձիգներէն կամ այդ տարածքին հսկող արբանեակներէն: Անապատային շրջանի մէջ Ռաքքայէն եւ Տէր Զօրէն դէպի Արաբունար շարժող այդ շարասիւնները դիւրին պատառ մըն էին դաշնակից ուժերու արդիական օդանաւերուն համար, սակայն սկուտեղի վրայ հրամցուած այդ ոսկի առիթը անտեսուեցաւ: Ըստ երեւոյթին, դաշնակից ուժերուն ռազմավարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ը միայն տկարացնելն է եւ ոչ թէ արմատախիլ ընելը, իսկ քիւրտերու զոհաբերումը` այդ մէկը իրականացնելու «ամէնէն աժան» միջոցը: Ըստ երեւոյթին, ռմբաձիգներու վառելանիւթն ու ռումբերը աւելի սուղ ու յարգի են, քան քիւրտերուն կեանքերը:
Այս բոլորին մէջ ամէնէն հեգնականը Ուաշինկթընի մէջ վերոնշեալ ժողովին ՏԱՀԵՇ-ի դաշնակից Թուրքիոյ մասնակցութիւնն է: Թուրքիոյ նախընտրութիւնը առաւել ակներեւ դարձաւ, երբ Արաբունարի սահմանին վրայ ձեւականօրէն ձեռնածալ ու դիտողի կարգավիճակով նստած, սակայն իրողապէս քաղաքի ամբողջական պաշարումին մասնակից թրքական բանակին օդուժը 14 հոկտեմբերին ռմբակոծեց Կորճայքի նահանգին մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի պատկանող դիրքերը` այդպիսով վերջին գամը գամելով ՔԱԿ-ի հետ հաշտեցման հոլովոյթի դագաղին: Եթէ թրքական կողմին համար առաջնահերթ թիրախը յստակ է եւ, ատոր հիմամբ` Արաբունարի ողջակիզումին նկատմամբ անոր կեցուածքը` հասկնալի, գիշեր ու ցերեկ մարդկային իրաւունքներ ջատագովող Արեւմուտքին ու միջազգային ընտանիքին Արաբունարի հերոսական բնակչութեան սպասող ճակատագիրին նկատմամբ կրաւորականութիւնն ու լաւագոյն պարագային հիւծումի ճակատամարտը երկարաձգելու միտող զինուորական քայլերը բարոյական գետնի վրայ անարդարանալի եւ խիստ դատապարտելի են:

