Կլոր Սեղան` Գրատարածումի Եւ Ընթերցասիրութեան Դերին Ու Անհրաժեշտութեան Նիւթով
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնած գրատարածումի շեշտաւորման եւ հայրենի հրատարակչատուներու հետ գործակցութեան ճիգերու ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2014-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան` ներկայութեամբ հայրենի թէ լիբանանահայ մտաւորականներու, մամլոյ մշակներու եւ ընթերցասէրներու:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով Սիւզի Տէրտէրեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան զրուցավար Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց ներկաները` ներկայացնելով զրոյցին ընդհանուր նիւթը:
Մէջբերելով 1980-ին Երեւանի մէկ գրատան առջեւ տասնեակներով հերթի կեցած ընթերցասէրներու երեւոյթը` Ճինպաշեան նշեց, որ ներկայիս հայ գիրքի տպաքանակը նուազած է` լաւագոյն պարագային լոյս տեսնելով հազար օրինակով: «Սակայն երէկը` երէկ էր, կ՛առաջարկեմ այսօրուան մասին խօսիլ, գրատարածումի տագնապ կայ, մտածենք լուծումի մասին», ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան` վերյիշելով երբեմնի հայաստանեան հրատարակութիւններու տասը հազար, քսան հազար տպաքանակները, որոնք այսօր չկան:
«Այստեղ տագնապալի վիճակ կայ, մտածենք բանաւոր եւ տրամաբանական գործնական լուծումներու մասին, որպէսզի կարենանք այս ոչ ցանկալի վիճակը սրբագրել եւ գիրքը այս կամ այն ձեւով մատչելի դարձնել»: «Այսօրուան պատկերն ալ ցուցանիշ է, հայ մշակոյթի, գիրքի, դպրոցի, ուսման նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն կայ, մեր ճաշկերոյթներուն ընթացքին հազարաւոր տոլարներ կը նուիրեն մարդիկ, բայց այս սիրոյ մթնոլորտին մէջ ինչպէս բացատրել, որ մեր գիրքերու ցուցահանդէսները մարդ չեն կանչեր», հարց տուաւ Ճինպաշեան: Ապա ան հերթաբար ներկայացուց յատուկ այս առիթով հայրենիքէն հրաւիրուած իւրաքանչիւր զեկուցաբերը` սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Սէյրանուհի Գեղամեանէն: Մէջբերելով Ինտրայի վերջերս հրատարակուած հատորի մը մէջ նշուած Արշակ Չոպանեանի կարծիքը, թէ` բանաստեղծութիւնը կը մեռնի եւ անոր հակազդող Ինտրայի կարծիքը` Գեղամեան շեշտեց, որ գիրքը պիտի չմեռնի: Ան նշեց, որ տագնապը միայն հայ գիրքի տագնապ չէ, այլեւ միջազգային է: Գեղամեան յայտնեց, որ հայրենիքէն բերուած գիրքերը կ՛ընդգրկեն նաեւ արեւմտահայերէն դասական ուղղագրութեամբ գիրքեր: Ան յոյս յայտնեց, որ կացութիւնը փոխուի` թելադրելով շարունակել նուիրումով եւ ընդգծելով դժուարութիւններու համաշխարհային տարողութիւնը:
Ապա զրուցավար Տիգրան Ճինպաշեանի կողմէ ծանօթացման հակիրճ ներկայացումէն ետք, խօսք առաւ Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեան, որ շեշտեց, թէ գիրքերը պէտք է հասնին այն մարդոց, որոնք պէտք ունին: Յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ պետական քաղաքականութեամբ երեխաներ գիրքերու ցուցահանդէսներու կը ներկայանան, անհրաժեշտ նկատեց երեխաները մօտեցնել, տանիլ գիրքին ու ցուցահանդէսին, նոյնիսկ ստիպողաբար: Կարապետեան շեշտեց ամէն գնով գիրքերը բոլորին, յատկապէս երեխաներուն մատչելի դարձնելու կարեւորութիւնը:
Ապա խօսք առաւ «Խնկօ Ապէր» գրատարածի փոխտնօրէն Մատլեն Յովսէփեան, որ նշեց, թէ վերջին տարիներուն պետական ուշադրութեան արժանացան գրավաճառի եւ առնչակից հարցեր, եւ կարելի դարձաւ մինչեւ 18 տարիքի պատանիներ ցուցահանդէսներու տանիլ եւ հեղինակներու ծանօթացնել: «Գիրքը կը շնչէ միայն ընթերցողով», ընդգծեց Յովսէփեան` վեր առնելով մշակոյթի նախարարութեան ցուցաբերած հոգածութիւնն ու ուշադրութիւնը, որ տարեկան գրավաճառներ կը կազմակերպուին: Եթէ ընթերցողը գիրքին չ՛երթար, գիրքը տանինք ընթերցողին», ըսաւ Մատլեն Յովսէփեան: «Ընթերցասէր մարդը բոլոր ժամանակներուն ընթացքին եղած է ընթերցասէր», ընդգծեց Յովսէփեան:
Յաջորդ զեկուցաբերն էր «Սարգիս Խաչենց -Պրինտ Ինֆօ» հրատարակչատան ծրագիրի ղեկավար Արամ Մեհրապեան, որուն մասին իր ներկայացման խօսքին մէջ զրուցավար Տիգրան Ճինպաշեան դրուատեց անոր հրատարակչական արդիւնաւէտութիւնը, որով «վերջին քսան տարիներուն ան հրատարակեց անգտանելի, նոյնիսկ արտասահմանի մէջ չգտնուող գիրքեր»` քաջութիւն որակելով անոր եւ ընկերութեան նախաձեռնութիւնը: Իր կարգին, Մեհրապեան անդրադարձաւ իր հրատարակչատան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան պայմաններուն, յատկապէս` անկախութեան շրջանին, «երբ խնդիր կար»: «Այսօր մտածողի պակաս կայ, մենք պէտք է տիրոջ վերաբերմունք ունենանք, մերն է ե՛ւ գրաբարը, ե՛ւ արեւելահայերէնը, ե՛ւ համշէնահայերէնը», ընդգծեց Մեհրապեան` նշելով, որ «ընթերցողը ճամբորդ է, ճանապարհորդ է»:
Խօսք առաւ նաեւ «Զանգակ» հրատարակչութեան տնօրէն Էմին Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ գեղարուեստական եւ ոչ գեղարուեստական ոճերուն` օրինակ տալով, որ բառարանները չեն մեռնիր, սակայն ներկայիս կայ «Նայիրի» ելեկտրոնային բառարան-կայքը, որ այդ դերը կը կատարէ: Մկրտչեան շեշտեց գիրքը լաւ ձեւով ներկայացնելու, քարոզչութեան կարեւորութիւնը` ներգրաւելու համար ընթերցողը:
Իսկ «Բուքինիստ» գրահրատարակչատան անունով Խաչիկ Վարդանեան խօսք առնելով շեշտեց ծանուցումի անհրաժեշտութիւնը գրատարածումի յաջողութեան համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց պարտադրելու գնով ընթերցանութեան մղել հանրութիւնը` սկսելով դպրոցէն: Յետադարձ ակնարկով մը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն մինչեւ օրս իր հրատարակչատան գործունէութեան անդրադառնալով Վարդանեան յայտնեց, որ այսօր իր հրատարակչատունը 40 հազար գիրք ունի: «Մենք փող չենք ուզեր պետութենէն», շեշտեց ան` նշելով, որ Կիւթեմպերկը վեց հարիւր տարի ապրեցաւ ու շեշտը դրաւ գովազդի կարեւորութեան վրայ:
Զրուցավար Տիգրան Ճինպաշեան եզրակացնելով վերյիշեց երբեմնի հաղորդավար Պեռնար Փիվոյի յայտագիրը` ֆրանսական կայանէն, ուր ան գիրքերու եւ հեղինակներու մասին խօսելով սքանչելի եւ ձրի քարոզչութիւն կը կատարէր:
Ապա ներկաներէն կարգ մը մտաւորականներ հետաքրքրական ու շահեկան մէջբերումներ կատարեցին եւ զեկուցաբերները պատասխանեցին անոնց հարցադրումներուն:

