Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Անգարայի Հետ Տարակարծութիւններ Ունենալու Մասին Լուրերը

Ճոշ Էռնեսթ

Ճոշ Էռնեսթ

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Էռնեսթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ վնասը այժմ աւելի մեծ չէ՞, քան օգուտը, հերքած է, թէ Սպիտակ տունը Թուրքիոյ հետ տարակարծութիւններ ունի Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական սպառնալիքը դիմակայելու հարցին մէջ:

Էռնեսթ յիշեցուցած է, որ Թուրքիան համաձայնած է իր ռազմակայանները տրամադրել սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան զինեալներու մարզումին համար, կը մասնակցի իսլամականներու կողմէ մաքսանենգուող քարիւղի վաճառքի դէմ պայքարին, որով կը ֆինանսաւորուի անոնց գործունէութիւնը:

Մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Անգարայի այդ պարտաւորութիւնները կատարելը եւ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին Փենթակոնի մասնագէտները:

Սակայն ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած է դիւանագիտական վէճ մը, որուն հիմնական հարցը այն է, թէ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն արտօնութիւն պիտի տա՞յ իրենց ռազմակայանէն պատերազմական օդանաւերու թռիչքներ կատարել դէպի Սուրիա եւ Իրաք` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հարուածելու համար:

Էռնեսթ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին միայն ըսած է, որ ռազմակայանի հարցը կը շարունակեն քննարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES