Քերրի. «Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութիւնը Անհասանելի Չէ»

Ճոն Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ իր կարծիքով, մինչեւ 24 նոյեմբեր ճշդուած ժամկէտը Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջնական համաձայնութեան մը հասնիլը անհասանելի չէ:
Քերրի Փարիզի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ այդ թուականէն առաջ արդիւնքի մը հասնինք, սակայն համոզուած եմ, որ հիմնականը արհեստականօրէն ճշդուած ժամկէտները չեն, այլ` համաձայնութեանց խորքը, որակը, եւ այդ է հիմնականը»:
Քերրի նշեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա Իրանի հարցով կը շարունակեն սերտօրէն գործել»:
CATEGORIES Միջազգային

