Քերրի Եւ Լաւրով Համաձայնեցան ՏԱՀԵՇ-ի Մասին Հետախուզական Տեղեկութիւններու Փոխանակումը Աշխուժացնելու

Քերրի եւ Լաւրով

Քերրի եւ Լաւրով

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի մասին հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը աշխուժացնելու:

Քերրի Փարիզի մէջ Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Երկուքս ալ ՏԱՀԵՇ-ը քանդելու եւ պարտութեան մատնելու, ինչպէս նաեւ այս խմբաւորման ահաբեկչական նպատակներուն դիմակայման կարիքին կը գիտակցինք, ուստի նախարար Լաւրովի հետ խօսակցութեան ընթացքին անոր առաջարկեցի ՏԱՀԵՇ-ի եւ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան առնչուած հարցերուն շուրջ հետախուզական մեր գործակցութիւնը աւելցնել, եւ ատոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

Լաւրով իր կարգին ըսաւ, որ հարցերու լայն ծիրի մը մէջ կրնան աւելի լաւ գործակցիլ` աւելի ազդու կերպով լուծելու համար բազմաթիւ հարցեր, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ: Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ մեծագոյն սպառնալիքին վերածուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES