Սուրիա Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Իր Հողերուն Վրայ Ապահովական Գօտիներու Ստեղծումը

1015_SFMՍուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Սուրիական հողերուն վրայ ապահովական գօտիներ ստեղծելու թրքական փորձերը ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն եւ նպատակներուն յստակ խախտում մըն է»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Սուրիա կտրուկ կերպով կը մերժէ որեւէ պատրուակով սուրիական հողերու որեւէ մասին վրայ ապահովական գօտիներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ իր հողերուն վրայ օտար ուժերու որեւէ թշնամական միջամտութիւն»:

Նախարարութիւնը ընդգծեց. «Սուրիա իր բարեկամներուն հետ խորհրդակցաբար պիտի որդեգրէ իր ազգային գերիշխանութիւնն ու հողերուն միութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու առումով անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները»:

Share this Article
CATEGORIES