Մաշնուք Այցելեց Մեհրապ

Մաշնուք եւ Սաֆատի
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց մասին Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ անոնք բաւական մտահոգիչ են:
Ժահժահ շեշտեց, որ Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը անընդունելի է եւ պէտք է անպայման վերջ տալ առեւանգումի մշակոյթին:
Նշենք, որ Մաշնուք նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրավիճակը, յատկապէս ապահովական առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան

