Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Ֆլեչըր եւ միւֆթի Տըրիան

Ֆլեչըր եւ միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսման վերաբերող հարցեր:

Ֆլեչըր նշեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի Տար Ֆաթուային` Լիբանանի մէջ համերաշխութեան եւ չափաւորականութեան սկզբունքներուն շուրջ ուսումը քաջալերելու իմաստով:

Մեկնումի պահուն Ֆլեչըր նշեց, որ իրենք լաւ գիտեն, թէ շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հզօր եւ աշխուժ անձնաւորութիւն պիտի ըլլայ ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ` ամբողջ աշխարհին մակարդակով:

Share this Article
CATEGORIES