Ժեմայէլ – Զասիփքին Հանդիպում

Զասիփքին եւ Ժեմայէլ

Զասիփքին եւ Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ պէտք է միջազգային յարաբերութիւններու եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ամբողջական ակնարկ մը նետել` ընդգծելով, որ Ռուսիա շրջանին մէջ բարեփոխումներ կ՛ուզէ յառաջացնել եւ ոչ թէ վարչակարգերը քանդել ու քայքայել: «Մոսկուա կ՛ուզէ քաղաքական խաղաղ լուծումներու յանգիլ եւ ոչ թէ տագնապներն ու պատերազմները շարունակել», ըսաւ ան:

Զասիփքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ համար առաջնահերթութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ին հովանաւորութեամբ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առաջին գիծին վրայ` աւելցնելով, որ Ռուսիա Լիբանանի հետ կը գործակցի եւ կ՛ակնկալէ, որ մօտիկ ապագային արդիւնքներու յանգի:

Share this Article
CATEGORIES