Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Իսկ Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Պիտի Դիմեն Մագլցողական Քայլերու
Կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 68 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Այս շրջագիծին մէջ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները յայտարարեցին, որ կառավարութեան նիստին զուգահեռ իրենք պիտի որդեգրեն շարք մը մագլցողական քայլեր:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ այդ թղթածրարին հարցով կառավարութիւնը տակաւին ոչինչ ճշդած է` առեւանգուած բանակայինները Ռումիէի արգելափակեալներուն հետ փոխանակելու իմաստով:
CATEGORIES Լիբանանեան

