Պասիլ Հէյլի Հետ Քննարկեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Եւ Բանակին Օժանդակելու Հեռանկարները

Պասիլ եւ Հէյլ

Պասիլ եւ Հէյլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ դնելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին օժանդակութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պասիլ ընդունեց նաեւ ասորի կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Ժիհատ Պաթըհ, ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Տանիէլ Քուրիէ եւ քաղդէացիներու Պէյրութի առաջնորդ Միշել Քասարժի եպիսկոպոսները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան հասած իրաքցի տեղահանուածներուն օժանդակելու հեռանկարները:

Արտաքին գործոց նախարարին այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Փարաս եւ Մեքսիքայի ու Հնդկաստանի դեսպաններ Ճէյմի Կարսիա եւ Ռաֆի Թապար:

 

Share this Article
CATEGORIES