«Դատարան Կը Յանձնուիմ, Երբ Լիբանանի Մէջ Արդար Դատական Իշխանութիւններ Ըլլան» Յայտնեց Շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի

Շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի
Պատասխանելով Զինուորական ատեանին կողմէ իր դէմ արձակուած ամբաստանութեան եւ բերման գիրին` շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի (ծանօթ` Ապու Թաքիէ անունով) յայտնեց, որ այդ բերման գիրը քաղաքականացած է` աւելցնելով, որ անոր ետին կը կանգնին Հըզպալլան եւ անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան:
Ապու Թաքիէ շեշտեց, որ ինք դատարան պիտի յանձնուի, երբ Լիբանանի մէջ արդար դատական իշխանութիւններ ըլլան:
Պատասխանելով Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկչական ջոկատ ըլլալու իրականութեան մասին հարցումի մը` Հուժէյրի յայտնեց, որ այդ մասին պէտք է հարց տալ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին, որ զայն նկատեց սուրիական յեղափոխութեան մէկ ջոկատը:
Առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին մասին խօսելով` շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտնեց, որ այդ իմաստով կատարուած բանակցութիւնները այս հանգրուանին դադրած են` աւելցնելով, որ բանակայինները վտանգի չենթարկելու երաշխիքները արդէն իսկ գոյութիւն չունին, ընդհակառակն` շեշտելով, որ բանակայիններուն կեանքին մեծ վտանգ կը սպառնայ:

