Ժընեւի Մէջ . Պըրրի Միջազգային Ընտանիքէն Կը Խնդրէ Լիբանանին Օժանդակել` Ահաբեկչութեան Դէմ Մղած Անոր Պայքարին Առումով
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ժընեւի մէջ Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 131-րդ խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ գումարուած ներդրումի համաշխարհային վեհաժողովին ընթացքին միջազգային ընտանիքէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին առումով:
Պըրրի, որ այդ վեհաժողովին ընթացքին միակ արաբ ղեկավարն էր, պահանջեց, որ Լիբանանի դիրքը ամրապնդուի իբրեւ խաղաղութեան եւ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութեան կեդրոն, ինչպէս նաեւ իբրեւ արաբական եւ միջերկրականեան ապագայ միացեալ շուկայ:
Պըրրի կոչ ուղղեց շրջանի երկիրներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` դիմադրելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութեան եւ վերջ մը դնելու համար տարբեր ժողովուրդներու տեղահանումին, ինչպէս նաեւ կասեցնելու արդէն իսկ մասնատուածը մասնատելու փորձերը, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

