Վարչապետ Սալամ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Քննարկեց Շարք Մը Այցելուներու Հետ

Նազարեան եւ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր իր կարգին այցելեց վարչապետարան, ուր Սալամի հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու նախարարութեան հարցերը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Թրիփոլիի կրօնաւորներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որ յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են Թրիփոլիի իրավիճակով եւ կը հաստատեն, որ Թրիփոլի արդարութեան կը զօրակցի, ինչպէս նաեւ իսլամական չափաւորականութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

