Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Որոշեցին Պետական Եւ Սեփական Մարզերուն Միջեւ Հաւասարութիւն Գոյացնել` Օրէնսդրութեան Միասնականացման Առումով

Միացեալ յանձնախումբերու նիստէն պահ մը
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ զինուորականներու աշխատավարձերու յաւելումներուն վերաբերող նոր օրինագիծը:
Յանձնախումբերուն նիստը աւարտեցաւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ Մքարիի միջեւ բանավէճի մը պատճառով:
Նիստէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը որոշեցին պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ հաւասարութիւն գոյացնել` օրէնսդրութեան միասնականացման առումով:
Ան ըսաւ, որ յանձնախումբերը անհրաժեշտ նկատեցին, որ կրթական մարզին առումով պետական եւ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն յաւելումները հաւասարապէս վաւերացուին:
Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ինք յանձնախումբերու նիստէն դուրս եկած է այն համոզումով, որ տակաւին պէտք եղած լրջութիւնը կը պակսի` աշխատավարձի յաւելումները քննարկելու առումով:
Հաշուետուութեան Քաղաքացիական Շարժումի Բողոք
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 7:00-ին Հաշուետուութեան քաղաքացիական շարժումը Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեց բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ պահանջեց այդ երկարաձգումը մերժող երեսփոխաններէն անմիջապէս հրաժարիլ:

