Ժընեւի Մէջ. Շարմազանով Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Միջխորհրդարանական միութեան 131-րդ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ 14 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ վեհաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան հետ:
Կողմերը արձանագրեցին, որ մեր օրերուն բաւական ընդգրկուն է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը համաշխարհային հոլովոյթներուն մէջ` անհրաժեշտ նկատելով խորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումն ու խորացումը:
Շարմազանով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց 2000 թուականին Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ Լիբանանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումին համար:
Շարմազանով անդրադարձաւ նաեւ վերջերս Տէր Զօրի հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումին` զայն որակելով իբրեւ մշակութային ցեղասպանութեան վառ դրսեւորում: Լիբանանեան կողմը իր կարգին քննադատեց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը` նշելով, որ նման գործելաոճ որեւէ առնչութիւն չունի իսլամական կրօնին հետ:

